Որոնել

In anniversario allunaggio Papa Leone visita Specola vaticana

Լուսնէջքի տարեդարձի առթիւ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի Աստղադիտարան։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը «Telegram» ալիքով յայտարարեց, որ 20 Յուլիսի ուշ առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ․ Պապը այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյի Աստղադիտարան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան  - Վատիկան

Լուսնի վրայ էջք կատարելու տարեդարձի օրը՝ 20 Յուլիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք, այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյի տարածքին վրայ գտնուող Վատիկանի Աստղադիտարան՝  ծանօթանալով աստղադիտակներու ու մնացած գործիքներու հետ: Այս մասին յայտարարեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը «Telegram»ի ալիքով:

56 տարիներ առաջ, 1969 թուականին, «Ափոլլօ 11» առաքելութեան տիեզերագնացներ Նիլ Արմսթրոնկ, Մայքլ Քոլլինզը եւ Պազ Օլտրինը առաջին անգամ ոտք դրին Լուսնի մակերեսին վրայ: Ի յիշատակ այս իրադարձութեան, Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամը ըլլալով այցելեց Վատիկանի Աստղադիտարան, այսպէս կոչուած «Սփեքոլա Վատիկանա», որ հիմնադրուած է Լեւոն ԺԳ․ Պապի կողմէ 1891ին, թէպէտեւ, Աստղադիտարանի առաջին տեսլականը ունեցած էր Գրիգոր ԺԳ․ Պապը, հաշուի առնելով, որ 1582 թուականին օրացոյցի բարեփոխման ծիրէն ներս, Ան ստեղծած էր աստղագէտներու ու թուաբանագէտներու Յանձնախումբ՝ գիտական տուեալներու ուսումնասիրութեան նպատակով։

Նշենք թէ՝ վատիկանեան աստղագիտական հաստատութիւնը՝ ամենէ հիներէն մին աշխարհի մէջ, Քահանայապետերու աստղագիտական հետազօտութիւններու նկատմամբ շարունակական հետաքրքրութեան եւ աջակցութեան արտայայտութիւնն է:

Ներդաշնակութեան «սերմերը»

Տակաւին մէկ ամիս առաջ՝ 16 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ․ խօսած էր աստղագիտութեան մասին Աստղադիտարանի ամառնային դպրոցի մասնակցող երիտասարդ գիտնականներուն եւ ուսումնասէրներուն շնորհած ունկնդրութեան ատեն: Պապը յորդորած էր օգտագործել ձեռք բերուած հմտութիւնները՝ տիեզերքի մասին իրենց գիտելիքները խորացնելու համար՝ հրաւիրելով միաժամանակ «չվարանիլ կիսելու այն ուրախութիւնը եւ զարմանքը, որ, Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերով, կը ծնի Աստուծոյ կողմէ տիեզերքի ներդաշնակութեան մէջ ցանուած «սերմերու» մասին ձեր մտածականէն»։


Վատիկանի Աստղադիտարանի ամառնային դպրոցը

Վատիկանի Աստղադիտարանի ամառնային դպրոցը, որ կը կազմակերպուի երկու տարին մէկ Յունիս ամսոյն, թոյլ կու տայ տարբեր Երկիրներու երիտասարդ աստղագէտներուն մասնակցիլ այդ բնագավառի մէջ աշխարհի առաջատար մասնագէտներու դասախօսութիւններուն եւ աշխատիլ տարբեր հետազօտական նախագիծերու վրայ: Անցեալին դասընթացներուն մասնակցած են նաեւ ներկայացուցիչներ Հայաստանէն։ Այս տարուայ՝ տասնիններորդ թողարկման նիւթն էր՝ «Տիեզերքի ուսումնասիրութիւնը Ճէյմս Ուէպ տիեզերական աստղադիտակով»։  2022 թուականէն գործող այս սարքը վերջերս մէկ պատկերով լուսանկարած է շուրջ 800,000 կալաքսիներ։ Լուսանկարը ստացած է «Cosmos-Web Field» անունը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2025, 09:00