Որոնել

2025.06.16 Partecipanti alla Scuola estiva di Astrofisica promossa dalla Specola Vaticana

Նորին Սրբութիւն Լևոն ԺԴ.-ի խօսքը Վատիկանի աստղադիտարանի ամարային դպրոցի մասնակիցներուն

Սրբազան Պապը խրախուսեց ուսանողները օգտագործելու այս ձեռք բերուած հմտութիւնները՝ տիեզերքի մասին իրենց գիտելիքները խորացնելու համար ապա խօսքը եզրափակեց յիշելով, որ գիտական ​​առաջընթացը համախմբային աշխատանքի և ամբողջ համայնքներու՝ գիտնականներու, ճարտարապետներու, ընտանիքներու և ընկերներու աջակցութեան արդիւնք է:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 16 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի աստղադիտարանի ամարային դպրոցի մասնակցող երիտասարդ գիտնականներուն եւ ուսումնասէրներուն։

Այս առիթով անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը մաղթեց` որ իրենց ապրած այս փորձառութիւնը չըլլայ միայն կազմաւորման առիթ, այլեւ առիթ բարեկամութեան ու համագործակցութեան` «գիտութեան զարգացումին ու ի սպաս  մարդկային միակ ընտանիքին»։

Ան ապա մատնանշեց այս տարուայ համար ընտրուած թեմայի կարևորութեան, որ նուիրուած է James Webb տիեզերական աստղադիտակին, որ թոյլ կու տայ կատարել տիեզերքի արտասովոր դիտարկումներ, այս ծիրէն ներս նշելով, թէ ինչպէս Սուրբ Գիրքին հեղինակները «այս առանձնաշնորհումը չէին ունեցած» բայց եւ այնպէս անոնց բանաստեղծական եւ կրօնական երեւակայութիւնը նկարագրած էր մոլորակին իրականութիւնն ու գեղեցկութիւնը, որ այսօր տեսանելի է շնորհիւ «տիեզերական աստղադիտակի գիտնական անձնակազմին», «որոնց կրնանք միայն շնորհակալ ըլլալ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ որ «ձեզի հնարաւորութիւն կու տայ օգտագործելու այս արտակարգ գործիքը, ընդլայնելու համար մեր տիեզերքի ճանաչումը, որուն մէջ մենք շատ փոքր բայց իմաստալից մաս մըն ենք» յարեց Ան։

Սրբազան Պապը խրախուսեց ապա ուսանողները օգտագործելու այս ձեռք բերուած հմտութիւնները՝ տիեզերքի մասին իրենց գիտելիքները խորացնելու համար ապա խօսքը եզրափակեց յիշելով, որ գիտական ​​առաջընթացը համախմբային աշխատանքի և ամբողջ համայնքներու՝ գիտնականներու, ճարտարապետներու, ընտանիքներու և ընկերներու աջակցութեան արդիւնք է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2025, 12:16