Կարդինալ «Հոսսու»ն եղաւ երկխօսութեան մարդ, «Ո՛չ ըսենք» բռնութեան. Լեւոն ԺԴ.
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 2 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Երանելի Կարդինալ Եուլիու Հոսսույի նուիրուած յիշատակի արարողութիւնը։
Այս առթիւ Լեւոն ԺԴ Պապը պատգամը մը ուղղելով նշեց, որ երանելի Եուլիու Հոսսույի, «Եկեղեցւոյ եւ Ռումանիոյ պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող դէմք մը էր, որ Համայնավարական վարչակարգի հալածանքներու, որպէս հաւատքի նահատակ, երանելի Հուսսու եղբայրութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ եղաւ յաղթահարելով կրօնական եւ բարոյական պատնէշները։ Անոր կեանքը նուիրումի օրինակ եղաւ, մասնաւորապէս 1940-1944 տարիներուն երբ աշխուժօրէն նուիրուեցաւ Թրանսիլվանիոյ մէջ հրեաները փրկելու առաքելութեան։
Լեւոն ԺԴ պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին օրերուն 2019ին, երանի հռչակուած Հոսսուն կը ներկայացնէ հաւատքի, երկխօսութեան եւ ողորմութեան տիպար եւ որուն արժէքները միշտ այժմէական են։ Անոր օրինակը կը յիշեցնէ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներուն միջեւ ներումի, յարգանքի, եւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը, հրաւիրելով յաղթահարելու ամէն տեսակ բռնութիւն եւ ճնշում, ապրելով հաւատքն, քաջութիւնն ու յոյսը։
Երանելի հոսսույի յիշատակի միջոցառումը հրաւէր է վերահաստատելու մարդկային արժանապատուութեան, եղբայրութեան, կրօնական ազատութեան արժէքները, որպէսզի անոր վկայութիւնը ներշնչէ նոր սերունդները կառուցելու աւելի արդար եւ կայուն աշխարհ մը, նշեց իր պատգամի մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
