Որոնել

 Երանելի Կարդինալ Եուլիու Հոսսույի նուիրուած Պատարագ Երանելի Կարդինալ Եուլիու Հոսսույի նուիրուած Պատարագ 

Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ յիշատակի արարողութիւն նուիրուած Երանելի Կարդինալ Եուլիու Հոսսույի։

Երկուշաբթի, 2 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի կ՝ունենայ Երանելի Կարդինալ Եուլիու Հոսսույի նուիրուած յիշատակի միջոցառում։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 2 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի կ՝ունենայ Երանելի Կարդինալ Եուլիու Հոսսույի նուիրուած յիշատակի արարողութիւնը։

Միջոցառումին նախատեսուած է, որ ելոյթ ունենան Հռոմի Հրեայ հասարակութեան դաշնութեան նախագահ, Սիլվիու Վէքսլէր եւ Ռումանիոյ մէջ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւագ արք, կարդինալ Լուչիան Մուրէսան։ Նախատեսուած է նաեւ որ Լեւոն ԺԴ Պապը ուղղէ պատգամ մը։

Յիշատակի արարողութեան ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան երաժշտական պահեր եւ ընթերցում կարդինալ Հոսույի յուշագրութիւններէն որոշ հատուածներուն, որոնք կը վկայեն Անոր հաւատքը, Անոր ներումի ուժը ու ներքին ազատութիւնը չնայած Ռումանիոյ մէջ համայնավարական վարչակարգին հալածանքներուն։

Միջոցառումի շեշտ պիտի դրուի նաեւ այն պաշտպանութեան աշխատանքի վրայ, որ Յոյսն Կաթողիկէներուն կարդինալը կատարած է Թրանսիլվանիոյ մէջ հալածանքի տարիներուն ընթացքին։

Երանելի Եուլիու Հոսսու, (1885-1970) եղած է եպիսկոպոս Կէրլա Թեմի։ 1969ին, նշանակուած է կարդինալ Պօղոս Զ-ի կողմէ, բայց կարդինալական աստիճանի անուանումը յայտարարուած է իր մահէն ետք 1973ին։

Համայնավարական վարչակարգի անկումէն ետք, 2019ին, երանելի հռչակուած է այլ վեց նահատակ եպիսկոպոսներուն հետ միասին,  Պլաժի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած երանացման արարողութեան ընթացքին։

Ռումանիոյ խորհրդարանը 2025 տարին հռչակեց կարդինալ Եուլիու Հուսսոյի ազգային տարի. Անոր ծննդեան 140 ամեակի կապակցութեամբ։

Կիրակի 1 յունիսին, ի յիշատակ երանելի Հոսսույի, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի աւագ խորանին մօտ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ Ռումաներէն լեզուով, եւ բիւզանդական ծէսով։ Համապատարագիչներուն շարքին էր նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2025, 13:15