Դուք օրինակ էք աշխարհի երիտասարդութեան համար․ Լեւոն ԺԴ․ Պապը՝ հեծանուորդներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կիրակի օրը՝ 1 Յունիսին ժամը 15:30ին «Giro d’Italia» հեծանիւի մրցարշաւին վերջին՝ արդեն աւանդութիւն դարձած խորհրդանշական եւ ոչ մրցոյթային փուլը իր աւարտը գտաւ Վատիկանի սիրտին մէջ։ Այն նաեւ յարգանքի տուրք էր Ֆրանչիսկոս Պապին յոբելենական այս տարւոյն որ կը շարունակէ ներգրաւել բազմահազար հաւատացեալներ։ Երթուղին անցաւ Վատիկանեան Այգիներով, Լուրտի Տիրամօր քարայրով եւ «Mater Ecclesiae»ի վանքով։
Այդ առթիւ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց եւ ողջունեց հեծանուորդները «Piazza dei Protomartiri» հրապարակին վրայ։
«RCS»-ի Հովանաւոր Ուրպանօ Քայրոն, «RCS Sport»ի Ընդհանուր Տնօրէն Փաոլօ Պելլինոն եւ Մրցավազքի Տնօրէն Մաուրօ Վենյին Նորին Սրբութեան նուիրեցին «վարդագոյն մարզաշապիկ», որուն սովորաբար ամենաարագ հեծանուորդը կ’արժանանայ։
Խորհրդանշական այդ արարողութեան ներկայ էր նաեւ Քոյր Ռաֆֆաէլլա Փեթրինին՝ Վատիկան Քաղաք Պետութեան Կառավարութեան Նախագահը։
Ապա տեղի ունեցաւ իրապէս «վարդագոյն մարզաշապիկին» արժանացած Սայմոն Յեյթսի ձեռքսեղմումը Սրբազան Հօր հետ։ Միւս անուանակարգերու յաղթողները նոյնպէս ներկայացուեցան Պապին եւ առիթը ունեցան ողջունելու Անոր։
Ի դէպ, նշենք, որ RCS յապաւումը «Rizzoli Corriere della Sera» հրատարակչական խումբի անվանումն է, որուն կը պատկանեն իտալական տարբեր մարզաշխարհին հայող թերթեր ու ամսագիրներ՝ անոնց շարքին «La Gazzetta dello Sport»ը թերթը։ «Giro d'Italia»ն հիմնադրուած է ճիշտ վերջինիս կողմէ 1909 թուականին՝ ներմուծելով 1931-ին «վարդագոյն մարզաշապիկ»ի յաղթողին յանձնումը, որ օրաթերթի թուղթին գոյնն էր:
Լեւոն ԺԴ.-․ի ողջոյնի խօսքը
«Բարի օր բոլորին, բարի գալուստ Վատիկան», ըսաւ Քահանայապետը դիմաւորելով անոնց եւ «գեղեցիկ օր» մաղթելով։ «Դուք օրինակելի էք ամբողջ աշխարհի երիտասարդներուն համար», յարեց ապա Ան եւ նկատել տուաւ, որ «Giro d'Italia»ն իսկապէս սիրուած է եւ ոչ միայն Իտալիոյ մէջ:
Հեծանուավազքը, ինչպէս իւրաքանչիւր մարզաձեւ, «շատ կարեւոր է», եւ «յուսով եմ, որ այնպէս ինչպէս սորված էք հոգ տանիլ ձեր մարմնին, ձեր հոգին ալ միշտ օրհնուած պիտի ըլլայ եւ դուք միշտ ուշադիր պիտի ըլլաք ձեզի՝ որպէս ամբողջական մարդ՝ ձեր մարմնի, մտքի, սրտի եւ ոգիի նկատմամբ», ընդգծեց Լեւոն ԺԴ․:
Անցնելով այնուհետեւ իր մայրենի լեզու անգլերէնին, յիշեցուց, որ բոլորը ինչպէս միշտ բարի եկած են ըլլայ Վատիկանի, ըլլայ, Եկեղեցիէն ներս, «որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ սէրը բոլոր մարդկանց հանդէպ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
