Որոնել

2023.08.01 Squadra Ciclistica Athletica Vaticana

Քահանայապետը Վատիկանի մէջ պիտի ողջունէ Իտալիոյ հեծանիւի մրցումին մասնակցողները

Հեծանիւային այս մրցումին Վատիկանէն անցքի ծրագիրը ծնունդ առած է 28 հոկտեմբեր 2021-ին նշուած է այս առիթով Մշակոյթի և Կրթութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ եւ այս տարուայ ձեռնարկը կը կանխէ յառաջիկայ 14 եւ 15 Յունիսին կայանալիք` Յոյսի Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած Մարզական աշխարհի Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կիրակի՝ մէկ Յունիսի ժամը 15:30-ին՝ Լևոն ԺԴ. Քահանայապետը պիտի ողջունէ «Giro d“Italia» հեծանիւային մրցումին մասնակցող հեծանուորդները, երբ անոնք պիտի անցնին Վատիկան քաղաք-պետութեան հողատարածքին վրայ։ Այս մէկը նաեւ ի յիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապին, որ ընդունած էր Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի և Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մենտոնսայի կողմէ ներկայացուած առաջարկը, որ պիտի իրականացուի յառաջիկայ օրերուն Վատիկան քաղաք-պետութեան Կառավարութեան և «Athletica Vaticana» Վատիկանեան մարզական ընկերակցութեան համագործակցութեամբ։

Հեծանիւային այս մրցումին Վատիկանէն անցքի ծրագիրը ծնունդ առած է 28 հոկտեմբեր 2021-ին նշուած է այս առիթով Մշակոյթի և Կրթութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ եւ այս տարուայ ձեռնարկը կը կանխէ յառաջիկայ 14 եւ 15 Յունիսին կայանալիք` Յոյսի Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած Մարզական աշխարհի Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։

Մարզիկները Վատիկան պիտի մտնեն Պօղոս Զ անուան պողոտայէն ուր քաղաք պետութեան մէջ պիտի շրջին գրեթէ 3քմ երկարութեամբ տեւող ճանապարհի մը վրայ վայելելով Վատիկանի պարտէզներուն շքեղութիւնը ու Պետութեան հարուստ պատմական եւ հոգեւոր ժառանգութեան հարստութիւնները։

Անոնք Վատիկանէն դուրս պիտի գան «Փերուճինօ» կոչուած մուտքէն, որ կը գտնուի Սանթա Մարթայի հրապարակին մօտ, ճիշտ այնտեղ ուր իր բնակութիւնը հաստատած էր երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2025, 09:20