Որոնել

Հայր Ֆրանչէսքօ Իելփօ Հայր Ֆրանչէսքօ Իելփօ  

Հայր Ֆրանչէսքօ Իելփօ նշանակուեցաւ Սուրբ Երկրի նոր Պահակ

Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ հայր Իելփօ կը յաջորդէ հայր Ֆրանչէսքօ Փաթթոնին, որ նշանակուած էր 2016ին եւ վերահաստատուած 2022ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը հաստատեց Հայր Ֆրանչէսքօ Իելփոյի ընտրութիւնը՝ որպէս Սուրբ Երկրի պահակ եւ Սիոն լերան պահապան, որ նշանակուած է Ֆրանչիսկեաններուն Փոքր եղբայրներու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին որոշումով։

54 տարեկան, հայր Իելփօ ծնած է Լաուրիա քաղաք, 18 մայիս 1970ին։ Ան վանք մտած է երբ համալսարանի աշակերտ էր եւ Փոքր Եղբայրներու ֆրանչիսկեան միաբանութեան իր ուխտերը կատարած է 1998ին, ապա 2000 թուականին ձեռնադրուած է քահանայ։

Քահանայական կեանքին մէջ ունեցած է տարբեր պաշտօններ, դասաւանդած է քրիստոնէականութիւն, նշանակուած է «Ֆրանչիսկանում Լուզզակոյին» համալսարանի տեուչ եւ 2010-2013 տարիներուն եղած է ժողովրդապետ Փատովայի Սուրբ Անտոն եկեղեցւոյ։

2022 թուականէն եղած է Սուրբ Երկրի հիմնադրամի նախագահ եւ Իտալիոյ մօր Սուրբ Երկրի պահակի պատուիրակ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2025, 13:38