Որոնել

Սուրբ Հոգին` Խօսքը կը դրոշմէ մեր սրտերուն մէջ, մեզ կը վերափոխէ և հնարաւորութիւն կու տայ ըլլալու «Քրիստոսին նամակը». Լեւոն ԺԴ

«Արդարեւ ամենակարեւոր ունկնդրութիւնը Աստուծոյ ձայնին ունկնդրութիւնն է։ Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ որ հաղորդութիւնը կը կառուցի նախ եւ առաջ «ծունկի», աղօթքի մէջ եւ շարունակական դարձի յանձնառումի մէջ» հաստատեց Քահանայապետը։

[ Audio Embed Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր]

Ռոպէր Աթթարեան - Վաստիկան

Կիրակի` 25 Մայիս 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը 5-ին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ նախագահեց իր Հռոմի Եպիսկոպոսի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Աթոռին  ստանձնումի պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, կարդինալական դասի անդամներ, քահանաներ, սարկաւագներ, կրօնաւորներ ու պատկան իշխանութիւններ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Աթոռանիստ Եկեղեցի ժամանելուն Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Հռոմի Տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնաի կողմէ ապա մուտք գործեց տաճար, ուր տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագը։

Պատարագին սկիզբը Կարդինալ Ռէյնան նորընտիր Քահանայապետին ուղղեց յատուկ խօսքեր` որոնց աւարտին Լեւոն  ԺԴ. բազմեցաւ իր Աթոռին վրայ մինչ երգչախումբը կ՛երգեր «Դուն ես Պետրոս» եւ Աստուծոյ Ժողովուրդն ու Եկեղեցին ներկայացող տարբեր խաւերու պատկան անձինք` Քահանաներ, կղերականներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ ու աշխարհական հաւատացեալներ, որոնց միջեւ նեաւ մանուկներ ու երիտասարդներ, «հնազանդութեան արարք» կատարեցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ 

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.   (AFP or licensors)

Բոլոր Եկեղեցիներուն Մայրը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքը ուղղելով ներկաներուն յիշեցուց` որ Հռոմի Եկեղեցին, որ «հիմնուած է Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի նահատակութեան վրայ, ունի յատուկ առաքելութիւն մը. «Ըլլալ բոլոր Եկեղեցիներուն Մայրը», ինչպէս գրուած է Սուրբ Յովհաննէս Լատերանի պազիլիքայի ճակատին վրայ։

Ան ապա ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապի Եկեղեցւոյ մայրութեան հայող ուսուցումներուն, մայրութիւն- որ յատկանշուած է քնքշութեամբ, զոհաբերումով եւ խոր ունկնդրութեան զգացումով, յատկանիշներ` որ պէտք է մշակուին համայն Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ սկսեալ հովիւներէն։

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պատարագ
Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պատարագ

Միութիւն եւ հաղորդութիւն 

Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները որոնցմէ առաջինը քաղուած էր Գործք Առաքելոց գիրքէն ուր կը խօսուի Եկեղեցւոյ առաջին դարերու պատմութեան ու յատկապէս հեթանոսներու նկատմամբ անոր բացուածքին, շնորհիւ Սուրբ Պօղոսի եւ Բառնաբասի քարոզութեան, որոնք սակայն առանձին որոշումներ չեն կայացներ եւ կը վերադառնան Երուսաղէմ միւս առաքեալներուն հետ միասնական որոշում մը առնելու, որոնելով հաղորդութիւնն ու միութիւնը եւ ճիշտ այնտեղ է որ «փոխադարձ ունկնդրութեամբ եւ աղօթքով ձեռք կը բերուի բաժնեկցուած որոշում մը, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ», նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.ը շեշտը դնելով «հոգեւոր զատորոշումի» կարեւորութեան վրայ, որ հիմնուած է Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեան եւ աղօթքի վրայ, կառուցելու համար իսկական հաղորդութիւնը։

“«Արդարեւ ամենակարեւոր ունկնդրութիւնը Աստուծոյ ձայնին ունկնդրութիւնն է։ Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ որ հաղորդութիւնը կը կառուցի նախ եւ առաջ «ծունկի», աղօթքի մէջ եւ շարունակական դարձի յանձնառումի մէջ» հաստատեց Քահանայապետը։”

 

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.

«Աւետարանը եւս, որ քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանէն (Գլ 14,23-29), կ՛ընդգծէ` որ կեանքի որոշումներու մէջ մենք առանձին չենք։ Սուրբ Հոգին մեզի կ՜աջակցի եւ ցոյց կու տայ ճանապարհը որուն պէտք է հետեւինք, սորվեցնելով եւ յիշեցնելով ամէն բաները որ Յիսուս ըսաւ (Յովհ. 14,26)», յարեց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով` որ Սուրբ Հոգին Խօսքը կը դրոշմէ մեր սրտերուն մէջ, մեզ կը վերափոխէ և հնարաւորութիւն կու տայ ըլլալու «Քրիստոսի նամակը» մէկը միւսին համար։

Աւետարանական յիշոյութիւնը

«Եւ արդարեւ այդպէս է. մենք կարող ենք շատ աւելիով հռչակել Աւետարանը, այնքանով որ թոյլ տանք, որ ան մեզ նուաճէ և վերափոխէ՝ թոյլ տալով նաեւ, որ Հոգիի զօրութիւնը մաքրէ մեզ ներսէն, պարզ դարձնէ մեր խօսքերը, ազնիւ և յստակ մեր ցանկութիւնները եւ առատաձեռն մեր գործողութիւնները» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. Պապը ու ակնարկեց «Աւետարանական յիշողութեան», որ կը նշանակէ վերադառնալ ապրուած իրականութիւններու սրտին՝ ըմբռնելու համար անոնց իմաստն ու գեղեցկութիւնը։

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պատարագ
Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պատարագ   (@Vatican Media)

Հռոմի Թեմի ուղեւորութիւնը 

Ասկէ մեկնելով Ան խօսեցաւ Հռոմի Թեմի ուղեւորութեան մասին, որ ներգրաւուած է աշխարհի եւ հասարակութեան ունկնդրութեան մէջ, խթանելու համար աւետարնական եւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններ։ Անիկա դժուար բայց իր պատմութեան արժանի ուղեւորութիւն մըն է. Եւ անոր օրինակն է Յոբելեանի ի նպաստ յանձնառումը, որ Հռոմը կը ներկայացնէ որպէս բաց տուն մը եւ հաւատքի օճախ, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը որ քարոզի աւարտին վերյիշեց Յովհաննէս Պօղոս Ա.ի խօսքերը, զոր ան արտասանած էր իր Հռոմի Թեմի ստանձնումի արարողութեան ժամանակ` 23 սեպտեմբեր 1978-ին. «Ես Հռովմէացիներուն կը վստահեցնեմ որ ձեզ կը սիրեմ, եւ կը փափաքիմ միայն մտնել ձեր ծառայութեան տակ ու բոլորի տրամադրութեան տակ դնել իմ աղքատ ուժերս, այդ քիչը որ եմ եւ ունիմ»։

«Ես ալ ձեզի կ՛արտայայտեմ իմ սէրս, այն իղձով միասնական ուղեւորութեան մէջ ձեզ հետ կիսելու ուրախութիւնն ու ցաւերը, յոգնութիւնն ու յոյսը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։ Ես ալ ձեզի կը նուիրեմ այն քիչը որ ունիմ եւ եմ եւ զայն կը յանձնեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու եւ բազմաթիւ այլ եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնց սրբութիւնը կը լուսաւորէ այս Եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ այս քաղաքի ճանապարհները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ հայցելով նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

 Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պատարագ]
Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պատարագ]

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2025, 17:39