Լեւոն ԺԴ.-ի Հռոմի Եպիսկոպոսի Աթոռի ստանձման արարողութիւնը 25 մայիսին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ամենօրհնեալ Հայր` Հռոմի մէջ գտնուող Եկեղեցին ուրախութեամբ կը մասնակցի Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդին Հռոմի Թեմի Աթոռին ստանձնման արարողութեան։ Այնպէս ինչպէս գինեգործը վերէն կը հսկէ խաղողի այգիին վրայ այնպէս ալ Եպիսկոպոսը տեղադրուած է բարձր դիրքի վրայ որպէսզի հոգատար ուշադրութիւն նուիրէ ժողովուրդին` որ իրեն յանձնուած է»։ Խօսքերն են ասոնք որ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը կ՛ուղղէ նորընտիր Քահանայապետին Հռոմի Թեմի Աթոռի պաշտօնական ստանձնման արարողութեան առիթով որմէ ետքը Եկեղեցին ներկայացող տարբեր խաւերու պատկան անձինք հնազանդութեան ուխտ կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի իրաւայաջորդին։
Այս խօսքերը պիտի արտասանուին յառաջիկայ Կիրակի` 25 Մայիսին կէսօրէն ետքը ժամը 5-ին երբ Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ Հռոմի Եպիսկոպոսի իր Աթոռը` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։
Նշենք` որ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Հռոմի Աթնոռանիտ տաճարը Հռոմի մէջ գտնուող գլխաւոր չորս պազիլիքաներու ամենահինն է եւ է նաեւ Արեւմուտքի ամենահին եկեղեցին։ Ան նկատուած է «Բոլոր եկեղեցիներու Մայր եւ Գլուխ» եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին` այսինքն Քահանայապետին Աթոռանիստ Եկեղեցին է։ Իր պատմութեան 17 դարերու ընթացքին Ան հանդիսացած է նաեւ հինգ Տիեզերական Ժողովներու նստավայր։
Տաճարը սկզբնական շրջանին նուիրուած էր Յիսուս Ամենափրկչին, իսկ դարեր ետք` ԺԱ. դարուն ստանձնեց Սուրբ Յովհաննէս անունը, Սերճօ Գ Քահանայապետի օրով, ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին, մինչ Կղէմէս ԺԲ Պապի օրով` 1735ին, Յովհաննէս Մկրտիչին աւեցաւ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչը, ինչպէս կը նշէ Պազիլիքայի ճակատին վրայ զետեղուած լատիներէն մակագրութիւնը «Clemens XII Pont Max Anno V Christo Salvatori In Hon SS Ioan Bapt et Evang» որ թարգմանաբար կը նշանակէ. «Կղեմէս ԺԲ Քահանայապետ, Քահանայապետութեան հինգերորդ տարին` նուիրեց Ամենափրկիչ Յիսուսին, ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի»։
«Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ» Պազիլիքան որ անուանուած է նաեւ Աւագ Պազիլիքա օծուած է Սուրբ Սիլվեսթր Ա Պապի կողմէ՝ Կոստանդիանոս կայսրին շինարարութենէ եւ ֆինանսաւորումէն ետք, 324 թուականին։ Կառուցուած է Մոնթե Չելիօ հողատարածքին վրայ, որ կը պատկանէր Լատերանօ ընտանիքին։ Հռոմի առաջին եկեղեցին է, ուր քրիստոնեաները կրցած են ազատօրէն եւ հրապարակայնօրէն կատարել իրենց ծիսական արարողութիւնները։
Պազիլիքայի համալիրը կ՛ընդգրկէ Լատերանի պապական պալատը, Կանոններու պալատը, Հռոմէական Քահանայապետական աւագ նորընծայարանը եւ Լատերանի Քահանայապետական համալսարանը։ Ան Իտալիայի Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ ստորագրուած Լատերանեան Դաշնագիրի վայրը եղած է, որով Իտալիան Վատիկանը ճանչցաւ որպէս անկախ Պետութիւն։ Թէեւ կը գտնուի Վատիկանի հողատարածքէն դուրս վերոնշեալ այդ պայմանագիրի բերումով ան ունի «extraterritoriale» կարգավիճակ որ կը նշանակէ` թէ կը վայելէ լիակատար և բացառիկ իրաւասութիւն։
Պազիլիքային մէջ թաղուած են 22 Քահանայապետեր, որոնց շարքին է նաեւ Լեւոն ԺԳ Պապը, որմէ ներկայ Քահանայապետը առած է իր անունը։
Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը եղած է Հռոմի 256-րդ եպիսկոպոսը։ Ան կը յիշուի որպէս այն Քահանայապետը որ գրեց 86 շրջաբերականներ որոնցմէ ամենահռչակաւորն է «Rerum Novarum»ը որ հիմքը դարձաւ Եկեղեցւոյ Ընկերային վարդապետութեան։ Ան եղաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին «ընկերային» շրջաբերականը որ հրատարակուեցաւ 15 Մայիս 1891-ին արտայայտելով Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը` ընկերային հարցերու մասին։
Արդարեւ շրջաբերականին մէջ Քահանայապետը նկատի առնելով այդ ժամանակուայ արդիւնաբերական և արուսետագիտութեան ծաւալէն ներս արագ զարգացումը որ աշխատողներու և գործատուներու միջև փոխյարաբերութիւններու փոփոխութիւն յառաջացուց ու նաեւ բաց մը ստեղծեց սակաւաթիւ հարուստներու, ու ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ապրող մեծ թիւով անհատներու միջեւ, հրատապ նկատեց Եկեղեցւոյ միջամտութիւնը` յատկապէս հարուստներու և աղքատներու իրաւունքներու և պարտականութիւններու հաւասարակշռման հարցին մէջ, անհրաժեշտ նկատելով նաեւ անյապաղ դիմագրաւել եւ լուծում գտնել աշխատաւորներու անարժան և անմարդկային պայմաններուն։
Շրջաբերականը արդարեւ նպատակ ունէր առաջարկել բարոյական և կրօնական սկզբունքներ՝ արդարութիւնը վերականգնող և մարդկային աշխատանքի արժանապատուութիւնը խթանող սոցիալական բարեփոխումներու ծիրէն ներս։ Հարցեր` որոնք երկու դար ետք կը մնան այժմէական։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
