Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթա Տոմուս Սանթա Մարթա 

Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ սովորական ապաքինման ընթացքը

Ծաղկազարդի Սուրբ պատարագը Ֆրանչիսկոս Պապին կարգադրութեամբ պիտի մատուցէ Կարդինալ Լէոնարտօ Սնատրին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան երբեմնի Վերատեսուչը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 11 ապրիլ 2025ի կէսօրուայ ժամերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ նոր ճեպազրոյց թարմացնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան հայող լուրերը։

Նախ ընդգծուեցաւ` որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ սովորական ապաքինման գործընթացքը ու թէ ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ կայուն շարժիչ, շնչառական և ձայնային օգտագործման աստիճանական բարելաւումներով:

Արեան քննութիւնները լաւ արդիւնք տուած են մինչ Նորին Սրբութիւնը թթուածինի հոսքի կարօտը չունի առաջուայ նման եւ բարձր հոսքով թթուածինի կիրառումը այժմ կ՛օգտագործուի մնացորդային կերպով և այս մէկը բուժարանային նպատակներով:

Այս օրերուն Քահանայապետին այցելեցին Գերապայծառ Փենիա Փառա, Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր եւ Հռոմի Քուրիայի ու Վերատեսչութիւններու մի քանի մեծաւորներ։

Տակաւին ոչ մէկ նորութիւն կայ Աւ

ագ Շաբթուայ ընթացքին կայացած արարողութիւններուն Քահանայապետի ներկայութեան մասին ու այս մէկը հաւանաբար կախուած պիտի ըլլայ կլիմայէն։

Ծաղկազարդի Սուրբ պատարագը Ֆրանչիսկոս Պապի կարգադրութեամբ պիտի մատուցէ Կարդինալ Լէոնարտօ Սնատրին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան երբեմնի Վերատեսուչը։

Իսկ ինչ կը հայի երեկուայ դէպքին` այսինքն Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ յայտնուելուն, Ան փոքր շրջապտոյտ մը կ՛ընէր Վատիկանի մէջ եւ որոշած է երկարել ու այցելել Սուրբ Պետրոս տաճարը, այնտեղ աղօթելու համար, ըսուեցաւ ճեպազրոյցի ընթացքին ու տեղեկացուեցաւ որ յաջորդ ճեպազրոյցը տեղի կ՛ունենայ հաւանաբար աւագ երեքշաբթի օր։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2025, 12:10