Ֆրանչիսկոս Պապը անակնկալ կերպով յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Քահանայապետն է, Քահանայապետը» մի քանի կիներուն այս բացագանչութիւնը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ գտնուող հարիւրաւոր ուխտաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւեց։
Արդարեւ այսօր` ժամը մէկի ժամանակները, Ֆրանչիսկոս Պապը, ինչպէս անցեալ կիրակի օր, նոր անակնկալ մը ըրաւ եւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքա գնաց աղօթելու Պիոս Ժ Քահանայապետի դամբանին առջեւ։
Անցեալ կիրակի օր եւս Ան անակնկալ կերպով դուրս եկած էր Վատիկանի իր բնակարանէն ու Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած պատարագի աւարտին յայտնուած էր այնտեղ, ողջունելով հիւանդներու եւ առողջապահական գործիչներու յոբելենական ուխտագնացութեան մասնակցող քսան հազարէ աւելի ուխտաւորները։ Անակնկալ` որուն ականատես եղան միլիոնաւոր հաւատացեալներ որոնք արարողութեան կը հետեւէին հեռուստակայանի միջոցաւ։
Նորին Սրբութիւնը կանգ առնելով Պիոս Ժ Քահանայապետի դամբանին առջեւ գրեթէ տասը վայրկեան տեւողութեամբ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ջերմեռանդութիւն ունի Պիոս Ժ-ի նկատմամբ, որուն դամբանին առջեւ կանգ առած էր նաեւ անցեալ կիրակի օրը։
Աղռթքէն ետքը Սրբազան Պապին շուրջ համախմբուեցան հարիւրաւոր հաւատացեալներ այն յոյսով որ կարենան անոնց հետ ձեռնուիլ, անոնց շարքին էին նաեւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ աշխատող «վերականգնողներ» որոնք կարողացան մօտենալ Քահանայապետին, որ ապա օրհնեց նաեւ այնտեղ գտնուող մանուկները ու ուխտաւորներու խումբերը` որոնք Հռոմ ժամանած են Յոբելեանին առիթով։
Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ ներկայ էր նաեւ Գերապ. Վալերիօ Տի Փալման որ աւանդատունէն դուրս եկած էր հրապուրուելով իրարանցումով որ տեղի կ՛ունենար այնտեղ։
«Յուզումնալից էր Քահանայապետը տեսնելը։ Ան Աղօթքի Դուռէն անցաւ ու գնաց կեդրոնական խորան ապա Պիոս Ժ Քահանայապետի դամբանին առջեւ աղօթելու համար։ Վերջաւորութեան ողջունեց ներկաները» յայտնեց Գերապայծառ Տէ Փալմա հաղորդելով նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապը ոչ մէկ խօսք արտասանեց այլ արտայայտուեցաւ միայն շարժուձեւերով։
Բոլորն ալ յուզուած էին, աչքերնին արցունքով լի, տեսնելով Քահանայապետը որ ամենայն պարզութեամբ իրենց առջեւ կը գտնուէր։ Բոլորն ալ կու լային, տեսնելով Ֆրանչիսկոս Պապը։ Ես անոր ըսի. Սրբազան Հայր, անհամբեր կը սպասենք ձեր վերադարձին։ Եւ ինք ժպտաց» ըսաւ ի միջի այլոց գերապայծառ Տէ Փալման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
