Որոնել

«Մարիամին` Եկեղեցւոյ Մայր եւ Մայր բարի խորհրդոյ հետ միասին, աղօթենք Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար». Կարդինալ Արթիմէ

11րդ օրն ըլլալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը սկսաւ յատուկ ձեւով ուր 21 օրեր ետք լսելի եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ձայնը,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 6 Մարտ 2025ի երեկոյեան ժամը ինին, 11րդ օրն ըլլալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը սկսաւ յատուկ ձեւով ուր 21 օրեր ետք լսելի եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ձայնը,որ յոգնած ձայնով ուզած էր ձայնագրել հակիրճ պատգամ մը ու զայն ուղղել համայն հաւատացեալներուն առ ի շնորհակալութիւն իրեն նուիրուած աղօթքներուն համար։

«Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հրապարակէն իմ առողջութեանս համար ձեր աղօթքներուն, ձեզի կ՛ընկերանամ այստեղէն. Թող Աստուած օրհնէ ձեզ և թող Աստուածածինը պահպանէ ձեզ: Շնորհակալութիւն» եղան Սրբազան Պապին սպաներէն լեզուով արտասանած խօսքեր որ հնչեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախ քան Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որ նուիրած էր անոր ապաքինումին։

Վերոնշեալ խօսքերէն առաջ Կարդինալ Ֆերնանտէս Արթիմէն, Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու եւ Առաքելական կեանքի ընկերութիւններու վերատեսչութեան համավերատեսուչը նախ քան ջերմեռանդական աղօթքը գլխաւորելը` յայտարարեց թէ այս երեկոյ ունինք «գեղեցիկ լուր մը», Սրբազան Պապին ձայնագրուած պատգամը, որ «գեղեցիկ պարգեւ մըն է մեզի, որ այստեղ կը գտնուինք եւ աշխարհի մէջ բոլորի համար» ըսաւ Ան «բազմաթիւ անձեր, կաթողիկէներ եւ քրիստոնեաներ, բարի կամքի կիներ եւ այր մարդիկ, որոնք մօտիկ են իրեն եւ կ՛աղօթեն իրեն համար»։

Նորին Սրբութեան խօսքերէն ետքը Կարդինալ Արթիմէն հրաւիրեց հաւատացեալները ամփոփուելու աղօթքի մէջ` «Մարիամին` Եկեղեցւոյ Մայր եւ Մայր բարի խորհրդոյ հետ միասին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առողջութեան համար»։

«Տէրը շնորհքներով լիացուց Նազարէթի Մարիամը` որպէսզի Ան արժանի ըլլայ դառնալու Փրկչին մայրը։ Առաջնորդութեամբ Սուրբ Հոգիին, ամէն բանի մէջ եւ միշտ փնտռեց Տիրոջ կամքը եւ մեծարելով Անոր ողորմութիւնը սերտօրէն կառչեցաւ Քրիստոսին: Անոր` որ հաւատացեալներու Մայրն է, մենք կը դիմենք որպէս ապահով ապաստան» ըսաւ ապա Կարդինալ Ֆերնանտէս Արթիմէն, սկիզբ տալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին, որ անցեալ 24 Փետրուարէն ի վեր տեղի կ՛ունենայ ամէն երեկոյ գլխաւորութեամբ Ծիրանաւորի մը։

Այս անգամ Վարդարանի աղօթքին խորհրդածութիւնները նուիրուած էին «Լուսաւորութեան Խորհուրդներուն», Յիսուսին մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ, Կանայի հարսանիքը, Թագաւորութեան հռչակումը, Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը, Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումը, որուն սկիզբը կարդացուեցաւ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ»։

Վարդարանի աղօթքը ինչպէս նախորդ գիշերները աւարտեցաւ «Oremus pro Pontifice nostro» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքով եւ եզրափակիչ օրհնութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2025, 08:00