Որոնել

2025.03.06 Recita del Rosario

Սրբազան Պապը ձայնագրուած պատգամով մը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նուիրուած աղօթքներուն համար

Նորին Սրբութեան արձանագրուած խօսքերը հնչեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ իրեն առողջութեան համար կազմակերպուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին սկիզբը, որ այսօր հասաւ իր 11րդ օրուան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

[ «Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հրապարակէն իմ առողջութեան համար ձեր աղօթքներուն համար, ձեզի կ՛ընկերանամ այստեղէն. Թող Աստուած օրհնէ ձեզ և թող Աստուածածինը պահպանէ ձեզ: Շնորհակալութիւն». ]

Ունկնդրէ Քահանայապետին ձայնը

Ֆրանչիսկոս Պապին սպաներէն լեզուով արձանագրուած խօսքերն են ասոնք, որ 6 Մարտի երեկոյեան ժամը ինին հնչեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, իրեն առողջութեան համար այնտեղ կազմակերպուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին սկիզբը, որով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաւատացեալներուն իրեն համար մատուցած աղօթքներուն համար։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Նորին Սրբութիւնը «յուզուած  իրեն ամէն օր ուղարկուած մօտիկութեան բազմաթիւ պատգամներուն համար և երախտապարտ Աստուծոյ ժողովուրդի աղօթքներուն համար- ձայնագրեց շնորհակալութեան կարճ ձայնային պատգամ մը` զոր լսելի պիտի ըլլայ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին սկիզբը»։

Նշենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 14 Փետրուարէն կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց ուր կը խնամուի երկկողմանի թոքաբորբի հետեւանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 21:04