Այս երեկոյ եւս աղօթենք Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար. Կարդինալ Լածարօ Եու Հէունկ-սիք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այս երեկոյ եւս, Վարդարանի աղօթքով, հիւանդաց առողջութիւն, Մարիամէն հայցենք Ֆրանչիսկոս Պապին համար առողջութիւն։ Սուրբ Կոյսը, որ իւրայատուկ կերպով մասնակցեցաւ Քրիստոսի Խաչի Խորհուրդին, կատարեալ խճանկարն է Եկեղեցւոյ մայրութեան, որուն հանդէպ պէտք է համապատասխանէ իւրաքանչիւր մկրտուած։ Հոգատար Մայր, կը ցոլայ որպէս յոյսի նշան բոլոր անոնց համար, որոնք կը հայցեն իր օգնութիւնը»։ Կարդինալ Լածարօ Եու Հէունկ-սիք այս աղօթքով սկիզբ տուաւ ուրբաթ եօթը Մարտին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Վարդարանի աղօթքին, որ տասներկու օրերէ ի վեր կը կրկնուի եւ նուիրուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան եւ որուն համար Ան` հինգշաբթի 6 Մարտի երեկոյեան, յատուկ ձայնագրուած պատգամով մը, որ հնչեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ուզած էր շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց` որոնք կ՛աղօթեն իրեն համար։
Ուրբաթ օրուայ Վարդարանի աղօթքի Խորհուրդները նուիրուած էին տրտմութեան Խորհուրդներուն` Յիսուսին աղօթքը եւ տագնապը ձիթենեաց պարտէզին մէջ (Ղուկ. 22,39-46), Խարազանումը (Մատթ. 27,24-26), Յիսուսին թագադրումը փշէ պսակով (Մատթ. 27,27-31), Յիսուսին դէպի խաչելութիւն ուղեւորումը (Յով. 19,16-27) ապա Յիսուսին խաչելութիւնը (Յով. 19,28-37)։
Վարդարանը բաղկացած է երեք աւանդական խորհուրդներէ (ուրախութեան, տրտմութեան և փառաւորութեան) և մէկ նոր խորհուրդէ մը (լուսաւորութեան), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կազմուած է հինգ տասնեակներէ` այսինքն մէկ «Հայր մերէ», տասը «Ողջոյն քեզ, Մարիամ» և «Փառք Հօր…» աղօթքներէ:
Հինգ տասնեակները աղօթելէն ետքը կ՛արտասանուի Ուրախ Լեր Թագուհի աղօթքը, որուն կը հետեւի Տիրամօր Նուիրուած Լիթանիան ու եզրափակիչ աղօթքը։
Այս երեկոյ եւս աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ, նորընծաներ ու աշխարհական հաւատացեալներ, որոնք միաբերան արտասանեցին Սուրբ Վարդարանը իրենց ձեռքերուն մէջ մէկիկ մէկիկ սահեցնելով անոր հատիկները, որոնց ընդմէջէն հայցեցին Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ապաքինումին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
