14 Մարտէն Քահանայապետի առողջութեան նուիրուած Վարդարանի աղօթքը դարձեալ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անցեալ կիրակի 9 Մարտին սկսած Հռոմի Քուրիայի Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւններու աւարտին հետ միասին, այսօր ուրբաթ 14 Մարտէն սկսեալ Քահանայապետի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը դարձեալ կը վերադառնայ Սուրբ Պետրոս հրապարակ ու կը կատարուի երեկոյեան 7,30-ին։
Այսօրուայ այդ աղօթքի կազմակերպումն ու ոգեւորումը յանձնուած է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան
Վերոնշեալ աղօթքի շղթան սկիզբ առած էր անցեալ 24 Փետրուարին, նախաձեռնութեամբ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան եւ Հռոմի Թեմին, եւ կը կատարուէր երեկորեան ժամը ինին։ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւններուն առիթով ան ժամանակաւոր կերպով փոխադրուեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահ, ուր կը կատարուէին Հոգեւոր Կրթութեան մտածականները, եւ ահա անոնց աւարտին կը վերադառնայ դարձեալ Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամի փոփոխութեամբ` այսինքն փոխանակ ինին ժամը եօթը երեսուն անց։
Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ոչ միայն կղերական դասի անդամներ, այլ նաեւ ընտանիքներ, հաւատացեալներ ու նաեւ զբօսաշրջիկներ, որոնց Վատիկանեան Լրատուամիջոցներու միջոցաւ կը միանան նաեւ աշխարհի այլ վայրերէն բազմաթիւ հաւատացեալներ, բոլոր միաբերան աղօթելով Մարմեան այդ զօրեղ աղօթքը, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցելու համար Սրբազան Պապին շուտափոյթ ապաքինումը։
Անցեալ վեց մարտի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Վարդարանի աղօթքին սկիզբը Սրբազան Պապը ուզած էր իր յատուկ ողջոյնն ու շնորհակալութիւնը ուղղել բոլոր անոնց, որոնք միացած իր շուրջ կ՛աղօթեն իրեն համար եւ այդ մէկը ըրաւ ձայնագրուած հակիրճ պատգամով մը, որուն մէջ Ան« ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իր առողջութեան համար աղօթքներուն»։
Յայտնենք` որ աղռթքներու շարքին, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը եւս ձեռնարկած էր յաուտուկ աղերսական աղօթքի պահ մը, զոր տեղի ունեցաւ Հայազգի մեծ Սուրբ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ըստ լատինաց ծիսական տօնին օրը` 27 Փետրուարին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ զետեղեուած Սուրբին արձանի ոտքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
