Խումբ մը կամաւորներ Ճեմելլի հիւանդանոցի տարածքին Խումբ մը կամաւորներ Ճեմելլի հիւանդանոցի տարածքին  (vincenzo livieri)

Գիշերը հանգիստ էր Ֆրանչիսկոս Պապին համար. Ան ընդունեց Կարդինալ Փարոլինի եւ Գերապ. Փենիա Փառայի այցելութիւնը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը ինչպէս նախորդ օրերուն թարմացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան մասին տեղեկութիւնները հաղորդեց որ «Սրբազան Պապը այս առաւօտեան շարունակեց դարմանումները որոնց շարքին շնչառական եւ շարժողական թեարփիանները։ Ան կը շարունակէ գիշերուայ ոչ ինվազիւ մեխանիքական օդափոխումը փոխարինել առաւօտեան թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումով»։
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրերը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կիրակի` 9 Մարտ 2025ի առաւօտեան եւս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը ինչպէս նախորդ օրերուն թարմացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան մասին տեղեկութիւնները հաղորդեց որ «Գիշերը հանգիստ էր» ու «Պապը տակաւին կը հանգչի»։

Իսկ երէկ երեկոյեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշած էր, որ «Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին օրերուն բուժարանային պայմանները մնացին կայուն» ու թէ այս մէկը «կը վկայէ բուժական գործընթացին դրական արձագանք»։

«Արձանագրուած է աստիճանական, թեթեւ բարելաւում» եւ «յառաջիկայ օրերուն այս սկզբնական բարելաւումներու արձանագրումը շարունակելու համար բժիշկները խոհեմաբար կանխատեսումը կը պահպանեն վերապահութեամբ»։

Պատարագ եւ Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութիւն

Յայտնենք որ այսօր առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ Կամաւորական աշխարհին Յոբելենական ուխտագնացութեան նուիրուած Սուրբ Պատարագ զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ Կարդինալ Միքայել Չեռնի, իսկ երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կը կայանայ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը նուիրուած Քահանայապետի ապաքինումին, զոր պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան, Մշակոյթի եւ Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան Վերատեսչը։

Կէսօրին կը հրատարակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութիւնը մինչ յետմիջօրէին սկիզբ կ՜առնէ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն Հոգեւոր Կրթութիւնը որուն ինչպէս նշեց երէկ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Սրբազան Պապը պիտի մասնակցի Հոգեւոր Հաղորդութեամբ։

Նոր թամրացում (ժամը 12, 37)

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 9 Մարտի ժամը 12,37ին հրատարակեց այլ տեղեկութիւններ հայող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան որուն մէջ նշուած է որ «Սրբազան Պապը այս առաւօտեան շարունակեց դարմանումները որոնց շարքին շնչառական եւ շարժողական թեարփիանները։

Ան կը շարունակէ գիշերուայ ոչ ինվազիւ մեխանիքական օդափոխումը փոխարինել առաւօտեան թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումով։

Այսօր առաւօտեան անոր այցելութիւն տուին Կարդինալ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինը եւ Վատիկանի Պետութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փառան, որուն ի միջի այլոց, փոխանցեցին Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի տարբեր իրադարձութիւններու մասին թարմացումներ։

Այսօր երեկոյեան, ի տես բուժարանային պատկերի կայունութեան, պիտի չհրապարակուի բժշկական տեղեկագիրը, բայց եւ այնպէս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեակութիւններ պիտի փոխանցէ լրագրողներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2025, 08:35