Որոնել

Al Gemelli una messa speciale per papa Francesco

Քահանայապետը Ճեմելլի մէջ, աստիճանական թեթեւ բարելաւումներ

Բուժարանային պայմանները կը վկայեն բուժական գործընթացին դրական արձագանքի մասին։ Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։ Առաւօտեան Սրբազան Պապը աղօթեց մատրան մէջ իսկ կէսօրէն ետքը հանգիստը փոխարինեց աշխատանքային գործունէութեամբ։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին օրերուն բուժարանային պայմանները մնացին կայուն, հետեւաբար, անոնք կը վկայեն բուժական գործընթացին դրական արձագանքի մասին։ Արձանագրուած է աստիճանական, թեթեւ բարելաւում։ Սրբազան Պապը տաքութիւն չունի։ Բարելաւուած են կազային փոխանակումները. Արեան քննութիւնները կը մնան կայուն։ Յառաջիկայ օրերուն այս սկզբնական բարելաւումներու արձանագրումը շարունակելու համար բժիշկները խոհեմաբար կանխատեսումը կը պահպանեն վերապահութեամբ։ Այսօր առաւօտեան Սրբազան Պապը Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելէն ետքը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ իր սեփական յարկաբաժնի մատրան մէջ, մինչ կէսօրէն ետքը հանգիստը փոխարինեց աշխատանքային գործունէութեամբ։

Այս է այն ինչ, որ կը կարդանք Շաբաթ` 8 Մարտի երեկոյեան` Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան հայող Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ նշուած է, որ «այնպէս ինչպէս նախատեսուած է, Սրբազան Պապը, ցերեկը ռնգային անօթներով թթուածնային բարձր հոսքէն յետոյ գիշերը կը գործածէ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը»։

«Քահանայապետը վաղը սկսող Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան պիտի հետեւի հոգեւոր հաղորդութեամբ։ Նորին Սրբութեան Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութիւնը պիտի հրատարակուի վաղը` ինչպէս նախորդ կիրակիները։ Եւ ի տես բուժարանային պատկերի կայունութեան, վաղը կրնայ պատահիլ որ բժշկական տեղեկագիր չի հրատարակուի, թէեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկութիւններ պիտի ընծայէ լրագրողներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2025, 19:03