Որոնել

Notte tranquilla per il Papa, ora sta riposando

Քահանայապետին համար անդորր գիշեր մը, Կարդինալ Փարոլինը եւ Գերապ Փենիա Փառա այցելութիւն տուին անոր

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Կիրակի 2 Մարտ 2025-ի առաւօտեան թարմացումը::«Այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւնը ընդունեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին եւ Վատիկանի Պետութեան Տեղակալ Գերապ Էտկար Փենիա Փառային»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կիրակի` 2 Մարտ 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը իր «թելեկրամ» կայքին վրայ հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան հայող տեղեկութիւն որուն մէջ գրուած է. «Գիշերը անցաւ անդորր` Քահանայապետը տակաւին կը հանգչի»։

Այս երրորդ կիրակին է որ Սրբազան Պապը կ՛անցնէ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ այն օրէն` այսինքն 14 Փետրուարէն ասդին, երբ ան այնտեղ գացած էր ցնցղատապի հարցերու բերումով որ ապա բացայայտուեցաւ ըլլալ երկկողմանի թոքաբորբ։

Երէկ երեկոյեան տարածուած այլ հաղորդագրութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր` որ Նորին Սրբութեան առողջական պայմանները «կայուն մնացած էին», առջի օր ունեցած «զնցղակծկումէն» ետքը, որ բարեբախտաբար չի կրկնուեցաւ։ Սրբազան Պապը ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը փոխարինեց երկարատև թթուածնային դարմանումի հետ, պահպանելով միշտ գազի փոխանակման լաւ արձագանք: Նորին Սրբութիւնը տաքութիւն չունի եւ «լեյկոցիտոզ» չի ներկայացներ, մինչ արեան քննութիւնները կայուն են։ Ան շարունակեց սնուիլ և պարբերաբար շարունակել շնչառական դարմանումը, համագործակցելով գործնականապէս։ Արթուն եւ զգօն Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ քսան վարկեան աղօթեց մատրան մէջ։ Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։

«Այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւնը ընդունեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին եւ Վատիկանի Պետութեան Տեղակալ Գերապ Էտկար Փենիա Փառային» լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Թարմացում`ժամը 12,45

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2025, 08:29