Քահանայապետը հիւանդանոցի մէջ կայուն վիճակով է, ոչ մէկ նոր զնցղակծկում
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ մէկ մարտ 2025ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած նոր հաղորդութեամբ` կը տեղեկացուի որ «Սրբազան Պապին բուժարանային վիճակը կայուն մնացած է»։
Սրբազան Պապը ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը փոխարինեց երկարատև թթուածնային դարմանումի հետ, պահպանելով միշտ գազի փոխանակման լաւ արձագանք: Նորին Սրբութիւնը տաքութիւն չունի եւ «լեյկոցիտոզ» չի ներկայացներ։ Արեան քննութիւնները կայուն մնացած են։ Ան շարունակեց սնուիլ և պարբերաբար շարունակել շնչառական դարմանումը, համագործակցելով գործնականապէս։
Նոր զնցղակծկումի դրուագներ չունեցաւ։ Քահանայապետը միշտ արթուն եւ կողմնորոշուած մնաց։ Կէսօրէն ետքը ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը ապա նուիրուեցաւ աղօթքի։ Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։
Քահանայապետին տրամադրութիւնը լաւ է. Այսօր Ան մօտ քսան վայրկեան աղօթեց իր սենեակի մօտ գտնուող մատուռին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
