Որոնել

Nuova crisi di broncospasmo per il Papa

Գիշերը անդորր անցաւ եւ Քահանայապետը առ այժմ կը հանգչի. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակ

Նոր թարմացում Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առողջութեան մասին
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ մէկ մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 8,30ի շուրջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը «թելեկրամ» ընկերային ցանցի հասցէին վրայ հրատարակեց  նոր հակիրճ տեղեկատւութիւն մը, հայող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական իրավիճակին, որուն մէջ գրուած է թէ «Գիշերը անդորր անցաւ եւ Քահանայապետը առ այժմ կը հանգչի»։

Իսկ երէկ երեկոյեան հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած էր` որ Նորին Սրբութիւնը ունեցած է ցնցղակծկումի (Bronchospasm) մեկուսացուած տագնապ որուն հետեւանքով սկսած էր ոչ ինվազիւ մեխանիկական շնչառութիւն։ Սոյն դրուագը յառաջացուցած էր շնչառական վիճակի յանկարծակի վատթարացում, թէեւ ըստ տեղեկութիւններուն, ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումի շնորհիւ գազի փոխանակման արժէքները վերադարձած էին տագնապէն առաջ  չափանիշերուն։ 

Քահանայապետը մնացած է միշտ  զգօն և կողմնորոշուած՝ ու համագործակցած` դարմանական խնամքներուն: Բժիշկներուն համար կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած եւ իրավիճակը գնահատելու համար հարկաւոր են  24-48 ժամ։

Ամենայնդէպս նշենք `որ երեկուայ զնցղակծկումէն յետոց Սրբազան Պապը այլ տագնապներ չունեցաւ: Այսօր առաւօտեան ան նախաճաշ ըրաւ, սուրճ խմեց և որոշ թերթեր կարդաց։ Իրավիճակը կը մնայ բարդ, իսկ կանխատեսումը` վերապահուած:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2025, 08:32