Որոնել

Pope Francis continues treatment at Gemelli Hospital in Rome

Քահանայապետը Ճեմելլիի մէջ. Ցնցղակծկումի (Bronchospasm) մեկուսացուած տագնապ: Սկսաւ ոչ ինվազիւ մեխանիկական շնչառութիւնը

Այս դրուագէն ետքը շնչառական վիճակը վատացաւ։ Քահանայապետը, անմիջապէս ներծծուած, սկսաւ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը, լաւ արձագանքելով գազի փոխանակմանը: Միշտ զգօն և կողմնորոշուած՝ Ֆրանչիսկոս Պապը համագործակցեցաւ դարմանական խնախմքներուն: Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։ Վիճակը գնահատելու համար հարկաւոր են 24-48 ժամ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Պապը օրուայ առաջին կէսին, շնչառական դարմանումը փոխարինելէ ետք մատրան մէջ աղօթքով, ունեցաւ Ցնցղակծկումի (Bronchospasm) մեկուսացուած տագնապ, որ յառաջացուց փսխման դրուագ և շնչառական վիճակի յանկարծակի վատթարացում։ Քահանայապետը, անմիջապէս ներծծուած, սկսաւ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը, լաւ արձագանքելով գազի փոխանակմանը: Նորին Սրբութիւնը միշտ զգօն ու կողմնորոշուած մնաց, համագործակցելով դարմանական խնամքներուն։ Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։ Առաւօտեան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը»։

Այս է այն ինչ` որ կը կարդանք Ուրբաթ, 28 Փետրուարի երեկոյեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան հայող հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Այժմ անհրաժեշտ են 24-48 ժամ գնահատելու համար Պապի բուժարանային վիճակը Ցնցղակծկումի այս մեկուսացուած տագնապէն ետքը։

Տեղեկացուեցաւ նաեւ թէ`  ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումի շնորհիւ գազի փոխանակման արժէքները վերադարձան տագնապէն առաջ չափանիշերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2025, 19:29