Սրբազան Պապը ամբողջ գիշերը հանգիստ ըրած է
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այսօր երեք Մարտ 2025ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի իր «թելեկրամ» ցանցային կայքին վրայ հրատարակեց նոր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց` որ «Սրբազան Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ հանգիստ գիշեր մը անցուցած է»։
Մինչ երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած էր որ. «Սրբազան Պապին բուժական պայմանները պահպանուեցան կայուն ու թէ Ան պէտքը չունեցաւ մեխանիկական ոչ ինվազիւ օդափոխումին, այլ միայն թթուածնային բարձր հոսքի խնամքին»։
Միշտ նոյն աղբիւրը նշեց նաեւ թէ. «Նկատի առնելով բուժարանային պատկերի բարդութիւնը կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած» ու թէ «Սրբազան Պապը առաւօտեան մասնակցած էր Պատարագին»։
Տեղեկացուեցաւ նաեւ թէ անցեալ ուրբաթ մեկուսացուած զնցղակծկումի տագնապը ուղղակի հետեւանքներ չէ թողած։
«Առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւնը ընդունած էր Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին եւ Վատիկանի Պետութեան Տեղակալ Գերապ Էտկար Փենիա Փառային» հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի։
Այսօր արթննալէն ետքը Սրբազան Պապը նախաճաշ ըրաւ ապա լուծուեցաւ առօրեայ դարմանումի գործընթացին։ Երեկոյեան բժշկական նոր թարմացում կը հրատարակուի անոր բժշկական պայմաններու մասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
