Սրբազան Պապը Ճեմելլիի մէջ , կայուն պայմաններ. Դադարած է մեխանիկական օդափոխումը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Սրբազան Պապին բուժական պայմանները այսօր եւս պահպանուեցան կայուն. Ան պէտքը չունեցաւ մեխանիկական ոչ ինվազիւ օդափոխումին, այլ միայն թթուածնային բարձր հոսքի խնամքին։ Տաքութիւն չունի։ Նկատի առնելով բուժարանային պատկերի բարդութիւնը կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։ Այսօր առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Պատարագին, անոնց հետմիասին որ այս հիւանդութեան օրերուն խնամք կը տանին անոր, ապա հանգիստը փոխարինեց աղօթքի հետ միասին։
Այս է այն ինչ որ կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ Կիրակի 2 Մարտի երեկոյեան հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ, որով մանրամասնութիւններ կը ներկայացուին` անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան մասին։
Անցեալ ուրբաթ մեկուսացուած զնցղակծկումի տագնապը ուղղակի հետեւանքներ չթողուց։ Այնուամենայնիւ, տագնապի մը վտանգը միշտ կարելի է և այդ պատճառաւ կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
