Գիշերը անցաւ անդորր. Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 8 Մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 8,29ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացնելով Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան հայող լուրերը տեղեկացուց` որ «Գիշերը անցաւ անդորր» ու թէ «Քահանայապետը տակաւին կը հանգչի»։
Այս 23-րդ օրն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին երբ այնտեղ գնաց որոշ հետաքննութիւններ կատարելու եւ յայտ եկաւ երկկողմանի թոքաբորբը, որ անցեալ օրերուն պատճառեց որոշ շնչառական տագնապներ։
Երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեամբ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր նաեւ թէ «Կացութիւնը կը մնայ կայուն բայց բարդ համապատկերի մը ներքոյ ու կանխատեսումը կը շարունակուի մնալ վերապահուած»։
Նորին Սրբութիւնը երէկ առաւօտեան քսան վայրկեան աղօթած էր հիւանդանոցի 10րդ յարկը գտնուող իր յարկաբաժնի քովնտի մատրան մէջ ու կատարած էր որոշ աշխատանքներ։ Նախատեսուածին համաձայն Ան օրուան ընթացքին թթուածնային հոսքին համար կը գործածէ քիթի անօթներ իսկ գիշերը ոչ ինվազիւ մեխանիքական օդափոխումը։ Այսօր երեկոյեան նախատեսուած է բժշկական նոր տեղեկագիր մը։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կէսօրուայ ժամներուն տեղեկացուց որ «այսօր առաւօտեան Սրբազան Պապը վերսկսաւ իր նշանակած բուժումները, որոնց շարքին՝ շարժողական ֆիզիոթերապիան։ Աւելի ընդլայնուած բժշկական տեղեկատուութիւնը կը հրատարակուի երեկոյեան»։
Իսկ վաղը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայանալիք պատարագի ժամանակ կարդինալ Միքայել Չեռնին պիտի կարդայ Ֆրանչիսկոս Պապին այդ առիթով պատրաստած քարոզը, Կամաւորներու Յոբելեանին առիթով։
Միշտ վաղը, ինչպէս նախորդ կիրակիները պիտի հրատարակուի ու տարածուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կիրակնօրեայ Մարերեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
