Քահանայապետը Ճեմելիի մէջ, բարդ իրավիճակի մէջ կայուն, հանգստի և աղօթքի օր
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդանոցի մէջ իր 22րդ օրը անցուցած է աղօթքի, հանգիստի ու դարմանումի պահերով, ներառեալ շնչառական ֆիզիոթերափիան» Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, ուրբաթ 7 Մարտի երեկոյեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը միջոցաւ ուր նաեւ նշուած է որ «Կացութիւնը կը մնայ կայուն բայց բարդ համապատկերի մը ներքոյ ու կանխատեսումը կը շարունակուի մնալ վերապահուած»։
Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան քսան վայրկեան աղօթած է հիւանդանոցի 10րդ յարկը գտնուող իր յարկաբաժնի քովնտի մատրան մէջ ու կատարած է որոշ աշխատանքներ։ Նախատեսուածին համաձայն Քահանայապետը օրուան ընթացքին թթուածնային հոսքին համար կը գործածէ քիթի անօթներ իսկ գիշերը ոչ ինվազիւ մեխանիքական օդափոխումը։ Վաղը կը հրապարակուի բժշկական նոր տեղեկագիրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
