Սրբազան Պապը խաղաղ գիշեր մը անցուց
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժամունք
«Սրբազան Պապը խաղաղ գիշեր մը անցուց եւ արթնցաւ առաւօտեան ժամը 8 մի քանի վայրկեան անց»։ Այս է Ուրբաթ` 7 Մարտի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը որով կ՛իմացնէ, թէ Նորին Սրբութիւնը հանգիստ անցուցած է գիշերը։
Իսկ երէկ երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այլ մէկ հաղորդագրութեամբ տեղեկացուցած էր` որ Սրբազան Պապին բուժարանային պայմանները կը մնան կայուն ու թէ շնչառական տագնապներ չունեցաւ եւ կը շարունակէ շնչառական եւ շարժողական ֆիզիոթերապիան։ Ասով հանդերձ բժիշկները կանխատեսումը կը պահպանեն վերապահուած։
Հաշուի առնելով բուժարանային պատկերի կայունութիւնը՝ յաջորդ բժշկական տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի շաբաթ օր։
Այսօր առաւօտեան Քահանայապետը շարունակեց նշանակուած դարմանումները։ Կատարեց շարժողական ֆիզիոթերապիա։ Մինչ կը շարունակէ գիշերային ժամերու մեխանիկական օդափոխումը, իսկ ցերեկը՝ բարձր հոսքով թթուածնային փոփոխումը քիթի անօթներու կիրառմամբ։ Իրավիճակը կայուն կը թուայ թէեւ բարդ պայմաններով։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին այսօր ի միջի այլոց պարզաբանեց, որ ճիշտ Ֆրանչիսկոս Պապը ցանկացած է, որ իր ողջոյնի ձայնը հեռարձակուի երէկ երեկոյեան՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սուրբ Վարդարանիn աղօթքի սկիզբը։ Ան կը փափաքէր շնորհակալութիւն յայտնել մարդոց այն բազմաթիւ աղօթքներուն համար, որոնք նուիրուած են իրեն, և որոնց շնորհիւ Ան ինքզինք կը զգայ «գրկուած» և աջակցուած համայն Աստուծոյ ժողովրդին կողմէ:
Թարմացումը ժամը 12,13 ին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
