Որոնել

Շնորհակալութիւն բոլորիդ. Քահանայպետին ողջոյնը աշխարհին` Ճեմելլի հիւանդանոցէն

Նախ քան Վատիկան վերադառնալը Սրբազան Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցի մէկ պատշգամէն ուզեց յատուկ ողջոյն մը ուղղել բոլոր հաւատացեալներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

38 օրեր ամբողջ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ խնամուելէն ետքը, այսօր կիրակի 23 Մարտի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը ճեմելլի հիւանդանոցի մէկ պատշգամէն դուրս գալով ուզեց ողջունել այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները ի լուր Անոր հիւանդանոցէն դուրս գալուն ու Վատիկան վերադառնալուն։ Սուրբ Պետրոս հրապարակը եւս լեցուցած էր ուխտաւորներով ու հաւատացեալներով` որոնց Նորին Սրբութեան ողջոյնն ու օրհնութիւնը հասանելի եղաւ այնտեղ զետեղուած մեծ պաստառներու վրայ ցուցադրուած նկարներու միջոցաւ, որոնց կարողացան հետեւիլ նաեւ աշխարհի վրայ տարածուած միլիոնաւոր հաւատացեալներ500 l Վատիկանեան լրատուամիջոցներու ու այլ լրատուամիջոցներու միջոցաւ։

Սրբազան Պապը` դուրս եկաւ իր շարժական աթոռին վրայ եւ ուզեց յատուկ ողջոյն մը ուղղել մէկ ծերունի տիկնոջ որ իր ձեռքը բռնած էր դեղին գոյներով ծաղիկներ։

«Շնորհակալութիւն բոլորիդ։ Եւ կը տեսնեմ այդ տիկինը դեղին ծաղիկներով։ Լաւ պառաւ մըն է» եղան Սրբազան Պապին արտասանած խօսքերը։

Այս խօսքերէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց բոլոր ներկաները ապա իր համագործակիցներու օգնութեամբ Վատիկանեան համարանիշ կրող Ֆիաթ 500 L տիպի սպիտակ ինքնաշարժով դուրս եկաւ հիւանդանոցէն, մինչ ճանապարհին վրայ զինք կը շարունակէին ուրախութեամբ ու հրճուանքով ողջունել բազմաթիւ հաւատացեալները, որոնք վերջապէս ականատես եղան Հռոմի Եպիսկոպոսին տուն` Վատիկան վերադարձին, ուր Ան պիտի շարունակէ իր բուժարանային խնամները «առ նուազն քառասուն օրուայ տեւողութեամբ» ինչպէս յայտնեցին երէկ` շաբաթ 22 Մարտի երեկոյեան, Ճեմելլի հիւանդանոցի զինք խնամող բժիշկները, հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ։

Նախ քան հիւանդանոցէն մեկնիլը Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հիւանդանոցի անձնակազմը եւ Ճեմելլի Բազմաբուժարանի ղեկավարութիւնը։

Նախ քան Վատիկան վերադառնալը Նորին Սրբութիւնը ուզեց հանգրուան կատարել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար որուն մուտքին կանգ առնելով տաճարի աւագերէց Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասին յանձնեց փունջ մը ծաղիկ, որպէսզի Ան զայն զետեղէ Ֆրանչիսկոս Պապի սրտին խօսող Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ, առ ի շնորհակալութիւն Աստուածամօր, որ այս ցաւալի օրերուն, եղաւ իր մօտ որպէս հոգատար Մայր։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2025, 12:08