Սրբազան Պապը վաղը 23 Մարտին դուրս կու գայ հիւանդանոցէն ու Վատիկան կը վերադառնայ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 22 Մարտի երեկոյեան ժամը վեցին Ճեմելլի հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին բժիշկ Սերճօ Ալֆիերի` Gemelli-ի բժշկական և վիրաբուժական գիտութիւններու բաժանմունքի տնօրէն և նաեւ հիւանդանոցի մէջ Քահանայապետի առողջութեամբ զբաղող թիմի տնօրէն, յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը վաղը կիրակիր 23 Մարտին դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն ու պիտի վերադառնայ Վատիկան, Սանթա Մարթա, ուր պիտի շարունակէ իր դարմանումները ու խնամքը, ներառեալ թթուածինի հոսքի կիրառումը։ Ապաքինման համար անհրաժեշտ է առնուազն երկու ամսուայ հանգիստ ու դարմանում», աւելցուց Ալֆիերի։
Բացի Ալֆիերիէն ճեպազրոյցին ելոյթ ունեցաւ նաեւ բժիշկ Լուիճի Քարպոնէ, Վատիկան Պետութեան Առողջապահութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն և Սրբազան Հօր բժշկական ներկայացուցիչ ինչպէս նեաւ Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունի։
Բժիշկները, նշեցին նաեւ` թէ այս ժամանակաշրջանին խորհուրդ չեն տար, որ Սրբազան Քահանայապետը անմիջապէս վերադառնայ իր առաջուայ գործունէութեան ու թէ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ աստիճանաբար։ Ան արդարեւ պէտք է զգոյշ ըլլայ ու այնպէս ընէ` որ մանրէներէ հեռու մնայ։
Հիւանդանոցին մէջ կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ունեցաւ երկու ճգնաժամային դրուագներ, որոնց ընթացքին անոր կեանքը վտանգի տակ էր։
Նորին Սրբութիւնը բոլոր այս ժամանակահատուածին մնաց զգօն ու կողմնորոշուած։ Անոր բուժարանային պայմանները կայուն են առ նուազն երկու շաբաթէ ի վեր բայց տակաւին ժամանակ պէտք է որպէսզի Ան կարողանայ դարձեալ խօսիլ առաջուայ նման եւ այս մէկը առ նուազն տասը օրէն։
Ամենայնդէպս Ֆրանչիսկոս Պապը վաղը կէսօրին հիւանդանոցի մէկ պատշգամէն դուրս գալով պիտի ողջունէ ու պիտի օրհնէ հաւատացեալները եւ հաւանական է որ անկէ ետք Ան վերադարձ կատարէ Վատիկան։
Որոշ լրագրողներ հարցեր ներկայացուցին թէ ե՞րբ Նորին Սրբութիւնը պիտի արենայ վերադառնալ իր առօրեայ աշխատանքին ու եթէ Ան պիտի կարողանայ գլխաւորեց Սուրբ Զատկուայ արարողութիւնները կամ ճամբորդութիւններ կատարել, պատասխանը եղաւ թէ այս բոլորը կը քննարկուին պատշաճ ժամանակին ու թէ առ այժմ կանխատեսումներ չեն կատարուիր։
Վերջին թարմացումը` 18,45ին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
