Քահանայապետը քնացած է բոլոր գիշերը եւ կը շարունակէ հանգիստ ընել
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Երեքշաբթի 4 Մարտ 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նոր գրառումով մը թարմացուց Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան մասին տեղեկութիւնները նշելով որ. «Քահանայապետը քնացած է բոլոր գիշերը եւ կը շարունակէ հանգիստ ընել»։
Իսկ երէկ երեկոյեան հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր որ Սրբազան Քահանայապետը օրուան ընթացքին ունեցաւ սուր շնչառական անբաւարարութեան երկու դրուագ, որոնք յառաջացան լորձի խիտ կուտակումէն, որոնք յառաջացուցին ցնցղակծկում։ Ասոնք հետեւանքով կատարուեցան թոքերուն ցնցուղներու նկարահանում, քաշելով կուտակուած լորձը։ Կէսօրէն ետք վերսկսաւ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը։ Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ զգօն է մնաց, կողմնորոշուած եւ համագործակից։ Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։
Քահանայապետի բուժարանային պայմանները կը մնան բարդ, այլ բարդութիւններու բաց իրավիճակով ինչպիսիք եղան երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցածները:
Սուրբ Աթոռի` մամլոյ գրասենեակը 4 Մարտին, աւելի ուշ տեղեկացուց նաեւ` թէ Սրբազան Պապը կը շարունակէ շնչառական խնամքի դարմանումը։ Ան վերսկսաւ բարձր հոսքի օդափոխումը (այնպէս որ ոչ մեխանիկական օդափոխումը)՝ օգտագործելով թթուածնային քթակալներ:
Առաւօտը նուիրուեցաւ հանգիստի եւ աղօթքի։ Ներկայ իրավիճակը կը մնայ կայուն բարդ պատկերի ներքոյ։ Ինչպէս յայտնի է, Քահանայապետին կ՛ընկերանան Վատիկանի Կառավարութեան բժիշկները ու Ճեմելլի հիւանդանոցի բուժ անձնակազմը։
Թարմացում` 4 Մարտ 2025 ժամը 12,35
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
