Սրբազան Պապը Gemelli-ի մէջ, սուր շնչառական անբաւարարութեան երկու դրուագ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այսօր Սրբազան Պապը ունեցաւ սուրբ շնչառական երկու դրուագ որոնք յառաջացան լորձի խիտ կուտակումէն, որոնք յառաջացուցին ցնցղակծկում։ Ասոնց հետեւանքով կատարուեցան թոքերուն ցնցուղներու նկարահանում, քաշելով կուտակուած լորձը։Կէսօրէն ետք վերսկսաւ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը։ Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ զգօն է մնաց, կողմնորոշուած եւ համագործակից։ Կանխատեսումը կը մնայ վերապահուած։
Վերոնշեալ լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թրամացնելով 14 Փետրուարէն ի վեր Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական իրավիճակի մասին լուրերը։
ԱՆնփոփոխ մնացած են արեան քնութիւններու չափանիշերը, որոնք կը բացայայտեն լեյկոցիտոզի բացակայութիւնը։ Եւ այս մէկը դրական է, որովհետեւ ցոյց կու տայ թէ վարակ չկայ, այլ լորձի կուտակումը հետևանք է թոքաբորբի։
Այսօրեայ երկու տագնապները յառաջացած են թոքերու արձագանքէն, որոնք փորձած են դուրս մղել կուտակուած լորձը՝ վերացնելու համար մանրէները: Ուստի Քահանայապետի բուժարանային պայմանները կը մնան բարդ, այլ բարդութիւններու բաց իրավիճակով, ինչպիսիք եղան այսօր յետմիջօրէին տեղի ունեցածները:
Թարմացում 3 Մարտ 2025 Ժամը 19,45
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
