Նորին Սրբութիւնը անցուց այլ անդորր գիշեր մը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այսօր` 14 Մարտի առաւօտեան եւս հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան հայող նոր տեղեկութիւն մը նշելով` որ «Սրբազան Պապը հանգիստ գիշեր մը անցուցած է»
Այսօր կը լրանայ Նորին Սրբութեան հիւանդանոց գտնուելուն 29րդ օրը։ Արդարեւ Ան անցեալ Փետրուար 14-ին այնտեղ փոխադրուած էր որոշ քննութիւններ կատարելու որոնց հետեւանքով բացայայտուեցաւ երկկողմանի թոքաբորբի գոյութիւնը, եւ այդ օրէն ի վեր Ան կը հետեւի բուժական խնամքներուն։ Թէեւ մերթ ընդ մերթ կը ջանայ նաեւ որոշ գործունէութիւններու նուիրուիլ, ինչպէս այս վերջին օրերուն երբ հերակապ կապով մասնակցեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ սրահին մէջ կայացած Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան նիստերուն։
Երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեան մը միջոցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր որ, Ճեմելլի հիւանդանոցի բուժ անձնակազմը ուզած է կարկանդակով մը յիշատակել Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետ ընտրուելուն 12րդ տարեդարձը` 13 Մարտին, որուն առիթով աշխարհի ամէն վայրերէն Նորին Սրբութեան հասցէին ժամանեցին բարեմաղթական գիրեր ու պատգամներ` ըլլայ Անոր ընտրութեան տարեդարձին համար եւ ըլլայ մանաւանդ անոր ապաքինումին համար։
Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ գիշերային ժամերու ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը օրուան ընթացքին զայն փոխարինելով բարձր հոսքով թթուածնային կիրառումով, օգտագործելով ռնգային սարքեր։
Բուժարանային իրավիճակը կը մնայ կայուն բարդ համապատկերի մը ներքոյ։
14 Մարտի կէսօրուայ ժամերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այլ տեղեկութիւններով հանդէս գալով նշեց որ Սրբազան Պապին բուժարանային վիճակը կը մնայ կայուն ու թէ Ան այսօր առաւօտեան եւս տեսահոլովակով հետևեցաւ է Պօղոս Զ սրահին մէջ Քափուչին միաբանութեան անդամ` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի գլխաւորած հոգևոր կրթութիւններու եզրափակիչ նիստին։
Այսօր առաւօտեան Ան շարունակեց նշանակուած դարմանումները որոնք շարքին շարժական ֆիզիոթերափիան ու կը շարունակէ նաեւ գիշերային ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը փոխելով թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումներով։
Երեկոյեան կը սպասուի բժշկական նոր տեղեկագիր։
Թարմացումը ժամը 12,15-ին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
