Որոնել

ITALY-VATICAN-POPE-HEALTH

Սրբազան Պապը հիւանդանոցին մէջ կարկանդակով մը նշեց Քահանայապետութեան 12րդ տարեդարձը

Բուժ անձնակազմը Նորին Սրբութեան սենեակ տարած է կարկանդակ մը տօնախմբելու համար անոր Քահանայապետ ընտրութեան 12րդ տարեդարձը։ ԱՆ Մասնակցեցաւ Հոգեւոր Կրթութեան մտածականի նիստին եւ կը շարունակէ դարմանումները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հինգշաբթի 13 Մարտի երեկոյեան հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հայող նոր տեղեկութիւններ նշելով որ այսօր կէսօրէն ետքը բուժ անձնակազմը Նորին Սրբութեան սենեակ տարած է կարկանդակ մը տօնախմբելու համար անոր Քահանայապետ ընտրութեան 12րդ տարեդարձը։

Միշտ կէսօրէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապ հերակապ կապով հետեւեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան նիստին, ապա վերսկսաւ շնչառական բուժական խնամքը։

Ան կը շարունակէ գիշերային ժամերու ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը զայն օրուան ընթացքին փոխարինելով բարձր հոսքով թթուածնային կիրառումով օգտագործելով ռնգային սարքեր։

Բուժարանային իրավիճակը կ մնայ կայուն բարդ համապատկերի մը ներքոյ։

Վաղը կը սպասուի բժշկական նոր տեղեկագիր մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2025, 19:28