Ճեմելլի հիւանդանոց. Հարիւրաւոր բարեմաղթական նամակներ յանձնուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր 13 Մարտ 2025ին Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետ ընտրութեան 12րդ տարեդարձին օրը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացնելով անցեալ «4 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան մասին լուրերը, նշեց որ այս գիշեր եւս Ան «ունեցաւ հանգիստ գիշեր» ապա «առաւօտեան հերակապ կապով հետեւեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր կրթութեան նիստերուն զոր կը գլխաւորէ Քափուչին միաբանութեան անդամ` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի։
Ան աղօթեց իր սենեակին մօտ գտնուող մատրան մէջ ու շարունակեց նշանակուած դարմանումները, որոնց շարքին դեղաբանական և շարժական ֆիզիոթերափիան։
Երեկոյեան ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումէն ետքը, այսօր առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը անցաւ թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումին։
Նորին Սրբութեան յանձնուեցան հարիւրաւոր նամակներ, որոնք Վատիկան հասած են դպրոցներէ, ընկերակցութիւններէ, կրօնական հաստութիւններէ, մանուկներէ ու պատանիներէ, նշած է միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ` թէ վաղը առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ժամը 10,30ին Առաքելական պալատի Պօղոսեան Մատրան մէջ Քահանայապետին նուիրուած պատարագ պիտի մատուցէ, մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։
Վաղը երեկոյեան Սուրբ Վարդարանի աղօթքը դարձեալ կը փոխադրուի Սուրբ Պետրոս հրապարակ եւ պիտի կատարուի ժամը 19.30-ին։ Այս երեկոյ չէ նախատեսուած բժշկական նոր տեղեկագիր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
