Սրբազան Պապը կայուն վիճակով է, շողանկարումը կը հաստատէ վերջին օրերու բարելաւումները
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Այս երեկոյ եւս` 12 Մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց նոր տեղեկագիր մը հայող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակին որ անցեալ 14 Փետրուարէն կը խնամուի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ։
Նորին Սրբութեան բուժարանային պայմանները, ընդհանուր բարդ պատկերի ծիրէն ներս մնացին կայուն։ Երեկ կատարուած կրծքավանդակի շողանկարումը շողանկարական կերպով հաստատեց նախորդ օրերուն արձանագրուած բարելաւումները։
Սրբազան Պապը կը շարունակէ բարձր հոսքի թթուածնային կիրառումը օրուան ընթացքին ու մեխանիքական ոչ ինվազիւ օդափոխումը գիշերուայ ժամերուն
Այսօր առաւօտեան ան հերակապ կապով հետեւելէ ետք Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հոգեւոր Կրթութիւններուն ընդունեցաւ Սուրբ Հաղորդութիւնը, նուիրուեցաւ աղօթքի, ապա շարժողական ֆիզիոթերափիային։
Կէսօրէն ետքը ան հետեւելէ ետք Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան շարունակեց աղօթքը, հանգիստը ու շնչառական ֆիզիոթերափիան։
Ինչ կը վերաբերի մայիսին Սրբազան Պապին՝ Նիկիա կատարելիք այցի մը մասին այսօր հրապարակուած լուրերին, Վատիկանի մամուլի գրասենեակը պարզաբանեց, որ այս ճամբորդութիւնը ուսումնասիրութեան մէջ, բայց երբեք չէ յայտարարուած։
Շատ հաւանական է, որ վաղը երեկոյեան նոր բժշկական տեղեկագիր չի հրապարակուի, սակայն Մամուլի գրասենեակը որոշ ընդհանուր տեղեկութիւններ պիտի տրամադրէ լրագրողներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
