Pope's condition stable says Vatican

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութիւնը. Արդիւնքները ցոյց տուին շնչառական ուղիներու բազմամանրէային վարակ

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը չեղեալ կը նկատուի
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Վերջին օրերուն և այսօր կատարուած հետաքննութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուին շնչառական ուղիներու բազմամանրէային վարակ, որ մղեց բուժական խնամքի փոփոխութեան։

Մինչեւ օրս կատարուած բոլոր ախտորոշիչ հետաքննութիւնները կը վկայեն բարդ կլինիկական պատկեր մը, որ կը կպահանջէ համապատասխան հիւանդանոցային բուժման գործընթաց» Սոյն լուրը հաղորդած է Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, որ ապա աւելցուցած է` թէ «Սրբազան Քահանայապետին տրամադրութիւնը լաւ է»։

Սոյն յայտարարութենէն ետք հրատարակուած այլ հաղորդագրութեամբ տեղեկացուեցաւ թէ` ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդանոցային խնամատարութեան շարունակումին, յառաջիկայ 19 Փետրուարին նախատեսուած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը չեղեալ կը նկատուի։

Յայտնենք` որ Նորին Սրբութիւնը Ճեմելլի հիւանդանոց կը գտնուի անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր ցնցղատապի վատթարացումին բերումով։

Նշենք նաեւ` որ Սրբազան Քահանայապետը հակառակ որ հիւանդանոցին մէջ է ուզեց նոյնպէս իր առօրեայի հեռաձայնային կապը հաստատել Կազայի ժողովրդապետութեան հետ, ինչպէս Վատիկան Նիուզին յայտնեց Հայր Գաբրիէլ Ռոմանելլին, նշելով որ Նորին Սրբութիւնը ըլլայ շաբաթ ըլլայ ուրբաթ օր հեռաձայնած է իրենց բոլոր ներկաներուն ուղարկելով իր օրհնութիւնները, իսկ Կիրակի օր Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Հայր Ռոմանելլիի բջիջային հեռաձայնի վրայ շնորհակալութիւն յայտնելով մօտիկութեան ու աղօթքներուն համար։

Հայր Ռոմանելլին աւելցուցած է ապա թէ «Յուսանք որ Քահանայապետը շուտով առողջանայ ու կարողանայ Սուրբ Պետրոսէն շարունակել իր առաքելութիւնը եւ աշխատանքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2025, 12:30