Որոնել

Ճեմելլի հիւանդանոցը որուն 10րդ յարկը  հիւրընկալած է Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցը որուն 10րդ յարկը հիւրընկալած է Ֆրանչիսկոս Պապը  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին կլինիկական վիճակը կայուն է. Բուժական գործընթացը կը շարունակուի

Անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ բժշկական խնամք ստանալ դարմանելու համար ցնցղատապը։ Ըստ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին անոր առողջապահական պայմանները կը մնան նոյնանման։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին

«Ֆրանչիսկոս Պապ լաւ քնացաւ այս գիշեր։ Առողջապահական պայմանները կը մնան նոյնանման, իսկ բուժանձնակազմի կողմէ նշանակուած ախտորոշիչ-բուժական գործընթացը կը շարունակուի։

Այսօր առաւօտեան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը պատարագին հետեւեցաւ և հեռուստատեսիլի միջոցաւ։ Յետմիջօրէին ան ընթերցանութիւնը փոխարինեց հանգստի հետ»:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Մաթթէօ Պրունի յայտարարութիւնն է սա որով ան տեղեկութիւններ տուաւ` անցեալ ուրբաթ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջաղահական կացութեան մասին։ Պրունին այսօր առաւօտեան եւս հաստատած էր որ Սրբազան Պապը հանգիստ գիշեր մը ունեցած էր ու նախաճաշէն վերջ թերթատած էր օրուան թերթերը։

Յայտնենք որ այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը չգլխաւորեց կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան աղօթքը տրուած ըլլալով որ բժիշկները անոնց հրահանգած են «լիակատար հանգիստ»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2025, 17:45