Քահանայապետը գիշերը լաւ քնացած է եւ այժմ կը հանգչի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետը գիշերը լաւ քնացած է եւ այժմ կը հանգչի։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի 27 Փետրուար 2025ի առաւօտեան հրատարակուած Քահանայապետի առողջութեան վերաբերեալ թարմացած լուրն է սա։
Մինչ երէկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկացուէր որ կան առողջական պայմաններու բարելաւում ու թէ երիկամային թեթև անբաւարարութիւնը այլեւս չկայ։ TAC-ը ցոյց տուաւ թոքային բորբոքման բնական բարեշրջում, արեան քննութիւնները լաւ են։ Կէսօրէն ետքը ան աշխատանքի լուծուեցաւ։ Կանխատեսումը կը մնայ զգուշաւոր։
Այսօր առաւօտեան արթննալէն ետքը Նորին Սրբութիւնը նախաճաշ ըրաւ ու շարունակեց բուժական գործընթացը եւ կատարեց այլ քնութիւններ։ Ան կը շարունակէ թթուածինի կիրառումը։ Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահուած է այն բազմաթիւ աղօթքի ձեռնարկներու մասին որոնք կազմակերպուած են այս օրերուն իր դիտաւորութեամբ։ Նորին Սրբութեան տրամադրութիւնը լաւ է։ Շաբաթ օր նախատեսուած Յոբելենական ունկնդրութիւնը ջնջուած կը համարուի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
