Քահանայապետը Ճեմելլի մէջ. Պայմաններու բարելաւում. Երիկամային թեթև անբաւարարութիւնը այլեւս չկայ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին 24 ժամուայ բուժարական պայմանները ցոյց տուին յաւելեալ փոքր բարելաւում։Անցեալ օրերուն ի յայտ եկած երիկամային թեթև անբաւարարութիւնը այլեւս չկայ։
Երեկ երեկոյեան կատարուած կրծքավանդակի TACը ցոյց տուաւ թոքային բորբոքման բնական բարեշրջում։
Այսօրուայ արեան և արիւնաբանական քնութիւնները հաստատեցին երեկուայ բարելաւումը։
Սրբազան Հայրը կը շարունակէ բարձր հոսքով թթուածնային բուժումը. Այսօր ալ ան ազմաթիք շնչառական ճգնաժամեր չունեցաւ։
Կը շարունակէ շնչառական ֆիզիոթերաբիան։
Թէև կայ փոքր բարելաւում, կանխատեսումը կը մնայ զգուշաւոր վերապահութեամբ։
Առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Կէսօրէն ետքը նուիրուեցաւ աշխատանքի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
