ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (75)
75.- ՄՈՒՐԱՑԻԿՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ
Յունիս ամսուան մէջ «Մուրացիկներու Հիւանդանոց»ի Հոգաբարձու Խորհուրդի համաձայնութիւնը չ՚ուշանար։ Անոնք Մխիթարի կը ներկայացնեն չորս նախապայման, որոնց դիմաց Մխիթար եւ իր միաբանները եւս չորս կէտերու մէջ ամփոփուած իրենց պայմանները կը փոխանցեն։ Երկուստեք քննարկումներ կը կատարուին բայց գործընթացը պահ մը կը դադրի Վենետիկի խոնաւ եւ անտանելի տաք եղանակին պատճառով, որու ընթացքին բոլոր սեպուհները իրենց ամարանոցները կը փախչէին արձակուրդի, մինչդեռ Մխիթար եւ աշակերտները համբերութեամբ կը սպասեն Օգոստոսի վերջը։
Այս ընթացքին Մխիթար հաւանաբար քանի մը միաբանի ընկերակցութեամբ առաջին անգամ կ՚այցելէ Ս. Ղազար կղզին եւ ժամանակագիրը կը նշէ որ «բարեշունչ օդով կղզի էր, քանի որ ջուրը շատ չէր ցամաքեր եւ տեղանքը տիղմ չկար։ Եկեղեցին Քրիստոսի բարեկամ Ս. Ղազարի անունով էր եւ մեծ սենեակներ ունէր։ Մեծ պարտէզ մը շէնքերու չորս կողմը կը պատէր։ Երկու ջրհոր ունէր ինչպէս նաեւ նաւատուն»։
Կալուածատէրերու պայմանները ներկայացնող փաստաթուղթը հետաքրքրական փոքրիկ նախաբան մը ունի, ուր կ՚ըսուի թէ 31 Մայիսի որոշումով՝ հաւաքուած էին քննարկելու համար Սուրբ Անտոն Աբբայի միաբանութեան Մեթոնէն ժամանած հայազգի հայրերու հետ՝ Ս. Ղազար կղզին որպէս մշտական բնակութեան վայր անոնց տրամադրելու նպատակով, համաձայնեցուած պայմաններով եւ վերջնական պայմանագրի միջոցով։
Սեպտեմբերին բանակցութիւնները կը հանգեցնեն ակնկալուած արդիւնքին, եւ 27 Սեպտեմբեր 1716 թուականին կը ստորագրուի վարձակալութեան համաձայնագիր մը, ուր նշուած էին վճարման ձեւն ու չափը եւ բոլոր պայմանները, որ երկու կողմերը պահանջած էին։ Այս ամէնը որպէս նախարտակ վերջնական եւ պաշտօնական պայմանագրին, որ պիտի կնքուէր երբ Տէրութիւնը իր հաւանութիւնը տար։ Այս քայլով Մխիթար ծախսը իր վրայ վերցնելով կ՚ապահովէր բնակութեան վայրը եւ Տէրութեան ուրիշ բան չէր մնար եթէ ոչ թոյլատրել Վենետիկի լճակին մէջ հաստատուելու։ Այս նպատակով Մխիթար 6 Հոկտեմբերին միջնորդագիր մը կ՚առնէ Վանօրէից Վարչութենէն, որու երեք Խնամակալները՝ Դանիէլ Ռէնիէր, Անճելոյ Մաննելլոյ եւ Փիէրոյ Փիցամէնէ, իրենց ստորագրութեամբ ամրագրած էին եւ հայցը կը ներկայացնէին Տոժին, եզրակացութեան մէջ նշելով թէ Սան Սերվոլոն այլ նպատակի յատկացուած ըլլալով, Մխիթար եւ իր միաբանները վարձակալութեան պայմանագիր կապած էին Ս. Ղազար կղզիի համար «Մուրացիկներու Հիւանդանոց»ի հոգաբարձուներու հետ, եւ հոն տեղափոխուելու համար Տէրութեան հաճութիւնը կ՚ակնկալէին։
Մխիթար կը յաջողի ունկնդրութիւն ստանալ միայն 7 Նոյեմբեր 1716ին եւ Ճիովաննի Քորնէր Տոժին կը ներկայացնէ իր խնդրագիրը կցելով վերոյիշեալ միջնորդագիրը եւ վարձակալութեան համաձայնագիրը։ Համառօտ գրութեան մէջ հակիրճ խօսքերով կը ձեւակերպէ Գերափայլ Ծերակոյտի համաձայնութիւնը խնդրելու իր դիմումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.