2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (75)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

75.- ՄՈՒ­ՐԱ­ՑԻԿ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԻ­ՒԱՆ­ԴԱ­ՆՈ­ՑԻ ՀՈ­ԳԱ­ԲԱՐ­ՁՈՒ ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­ԴԻ ՀԱ­ՄԱ­ՁԱՅ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յու­նիս ամ­սուան մէջ «Մու­րա­ցիկ­նե­րու Հի­ւան­դա­նոց­»ի Հո­գա­բար­ձու Խոր­հուր­դի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը չ՚ու­շա­նար։ Անոնք Մխի­թա­րի կը ներ­կա­յաց­նեն չորս նա­խա­պայ­ման, որոնց դի­մաց Մխի­թար եւ իր միաբան­նե­րը եւս չորս կէ­տե­րու մէջ ամ­փո­փուած իրենց պայ­ման­նե­րը կը փո­խան­ցեն։ Եր­կուս­տեք քն­նար­կում­ներ կը կա­տա­րուին բայց գոր­ծըն­թա­ցը պահ մը կը դադ­րի Վե­նե­տի­կի խո­նաւ եւ ան­տա­նե­լի տաք եղա­նա­կին պատ­ճա­ռով, որու ըն­թաց­քին բո­լոր սե­պուհ­նե­րը իրենց ամա­րա­նոց­նե­րը կը փախ­չէին ար­ձա­կուր­դի, մինչ­դեռ Մխի­թար եւ աշա­կերտ­նե­րը համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն Օգոս­տո­սի վեր­ջը։

­            Այս ըն­թաց­քին Մխի­թար հա­ւա­նա­բար քա­նի մը միաբա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ առա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Ս. Ղա­զար կղ­զին եւ ժա­մա­նա­կա­գի­րը կը նշէ որ «բա­րե­շունչ օդով կղ­զի էր, քա­նի որ ջու­րը շատ չէր ցա­մա­քեր եւ տե­ղան­քը տիղմ չկար։ Եկե­ղե­ցին Քրիս­տո­սի բա­րե­կամ Ս. Ղա­զա­րի անու­նով էր եւ մեծ սե­նեակ­ներ ու­նէր։ Մեծ պար­տէզ մը շէն­քե­րու չորս կող­մը կը պա­տէր։ Եր­կու ջր­հոր ու­նէր ինչ­պէս նաեւ նա­ւա­տուն»։

            ­Կա­լուա­ծա­տէ­րե­րու պայ­ման­նե­րը ներ­կա­յաց­նող փաս­տա­թուղ­թը հե­տաքրք­րա­կան փոք­րիկ նա­խա­բան մը ու­նի, ուր կ՚ը­սուի թէ 31 Մայի­սի որո­շու­մով՝ հա­ւա­քուած էին քն­նար­կե­լու հա­մար Սուրբ Ան­տոն Աբ­բայի միաբա­նու­թեան Մե­թո­նէն ժա­մա­նած հա­յազ­գի հայ­րե­րու հետ՝ Ս. Ղա­զար կղ­զին որ­պէս մշ­տա­կան բնա­կու­թեան վայր անոնց տրա­մադ­րե­լու նպա­տա­կով, հա­մա­ձայ­նե­ցուած պայ­ման­նե­րով եւ վերջ­նա­կան պայ­մա­նագ­րի մի­ջո­ցով։

            ­Սեպ­տեմ­բե­րին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը հան­գեց­նեն ակն­կա­լուած ար­դիւն­քին, եւ 27  Սեպ­տեմ­բեր 1716 թուա­կա­նին կը ստո­րագ­րուի վար­ձա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ուր նշուած էին վճար­ման ձեւն ու չա­փը եւ բո­լոր պայ­ման­նե­րը, որ եր­կու կող­մե­րը պահանջած էին։ Այս ամէ­նը որ­պէս նա­խար­տակ վերջ­նա­կան եւ պաշ­տօ­նա­կան պայ­մա­նագ­րին, որ պի­տի կն­քուէր երբ Տէ­րու­թիւ­նը իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տար։ Այս քայ­լով Մխի­թար ծախ­սը իր վրայ վերց­նե­լով կ՚ա­պա­հո­վէր բնա­կու­թեան վայ­րը եւ Տէ­րու­թեան ու­րիշ բան չէր մնար եթէ ոչ թոյ­լատ­րել Վե­նե­տի­կի լճա­կին մէջ հաս­տա­տուե­լու։ Այս նպա­տա­կով Մխի­թար 6 Հոկ­տեմ­բե­րին միջ­նոր­դա­գիր մը կ՚առ­նէ Վա­նօ­րէից Վար­չու­թե­նէն, որու երեք Խնա­մա­կալ­նե­րը՝  Դա­նիէլ Ռէ­նիէր, Ան­ճե­լոյ Ման­նել­լոյ եւ Փիէրոյ Փի­ցա­մէ­նէ, իրենց ստո­րագ­րու­թեամբ ամ­րագ­րած էին եւ հայ­ցը կը ներ­կա­յաց­նէին Տո­ժին, եզ­րա­կա­ցու­թեան մէջ նշե­լով թէ Սան Սեր­վո­լոն այլ նպա­տա­կի յատ­կա­ցուած ըլ­լա­լով, Մխի­թար եւ իր միաբան­նե­րը վար­ձա­կա­լու­թեան պայ­մա­նա­գիր կա­պած էին Ս. Ղա­զար կղ­զիի հա­մար «Մու­րա­ցիկ­նե­րու Հի­ւան­դա­նոց­»ի հո­գա­բար­ձու­նե­րու հետ, եւ հոն տե­ղա­փո­խուե­լու հա­մար Տէ­րու­թեան հա­ճու­թիւ­նը կ՚ակն­կա­լէին։

            Մ­խի­թար կը յա­ջո­ղի ունկնդ­րու­թիւն ստա­նալ միայն 7 Նոյեմ­բեր 171­6ին եւ Ճիովան­նի Քոր­նէր Տո­ժին կը ներ­կա­յաց­նէ իր խնդ­րա­գի­րը կցե­լով վե­րոյի­շեալ միջ­նոր­դա­գի­րը եւ վար­ձա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Հա­մա­ռօտ գրու­թեան մէջ հա­կիրճ խօսքերով կը ձե­ւա­կեր­պէ Գե­րա­փայլ Ծե­րա­կոյ­տի հա­մա­ձայ­նու­թիւնը խնդ­րելու իր դիմումը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/08/2026, 08:01