ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (74)
74.- ՄԽԻԹԱՐԻ ԽՆԴՐԱԾ ԿՂԶԻՆ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ
Մինչ Մխիթար «Մուրացիկներու Հիւանդանոց»ի հոգաբարձութեան հետ կը քննարկէր Ս. Ղազար կղզին վարձակալելու հնարաւորութիւնը՝ կ՚իմանայ որ Սան Սերվոլոյ կղզին, որ Տէրութենէն խնդրած էր, տրամադրուած է Քասթելլոյի հիւանդանոցի հոգաբարձութեան՝ որպէսզի վերածուի պատերազմի մասնակից զինուորներու հիւանդանոցի։
Վենետիկի խոհեմ աւագանին խուսափելու համար ամէն տեսակի ոտնձգութենէ, 4 Յունիս 1716ին կը վճռէ Սան Սերվոլոյ կղզիէն տարհանել տակաւին ողջ մնացած երկու մայրապետները եւ անոնց աղախինները, եւ հոն զինուորներու համար հիւանդանոց կառուցել։ Այս վճռագրին մէջ մանրամասնօրէն կը նշուի թէ ի՛նչ պայմաններով եւ ո՛ւր պիտի տեղափոխուին երկու մայրապետները, անոնց հոգեւոր խնամքն ու ապրուստի միջոցները, յունախօս աղախինները եւ խոստովանահայրը եւ ամէն մանրուք, նոյնիսկ կահկարասին։ Ուշագրաւ է վճռագրի աւարտին նախադասութիւն մը, որ մինչեւ օրս վրիպած է ուսումնասէրներու աչքէն. յստակ նշուած է՝ «եւ հեռու մնալ ամէն վտանգաւոր աչառութիւնէ», ստորագրուած՝ Իզէփփոյ Ճաքոմացցի, Տասանց խորհուրդի քարտուղարէն։
Թէ ի՛նչ նկատի ունէին «աչառութիւն» բացատրութեամբ, երեսպաշտութեան կամ մարդահաճութեան ի՛նչ վտանգ կար, յստակ չէ սակայն կարելի է գուշակել։ Այս բացատրութեամբ շատ պարզ ու բացորոշ կերպով Տասանց խորհուրդը կը զգուշացնէ բոլորին ոչ մէկ կերպով բարոյական ճնշումներու ենթարկուիլ, զերծ մնալ եւ խուսափիլ ակնածանքէ կամ այլ միջամտութիւններէ։ Յիշենք որ Տասանց խորհուրդը հարցեր քննարկելու համար կը հաւաքուէր Տոժի եւ իր վեց խորհրդականներու մօտ, հետեւաբար այս վճիռը ընթացիկ գործարքներու բարձրագոյն ատեանի որոշում էր։
Մէկ խօսքով՝ վերջնականօրէն վճռուած էր Սան Սերվոլոյի ճակատագիրը։ Այսու կը բացատրուի նաեւ թէ ինչո՛ւ Մխիթարի մտերիմ բարեկամ Անտոնիոյ Նանին իր բացատրական նամակին մէջ ակնարկ անգամ չ՚ըներ Սան Սերվոլոյի մասին։
Արդարեւ, երկու օր ետք, 6 Յունիս 1716ին, հասարակապետութեան հրահանգին հպատակ՝ Անտոնիոյ Նանի, Մոռէայի նախկին Ընդհանուր Կուսակալը կը ներկայացնէ իրմէ ակնկալուած տեղեկատուութիւնը։ Կը հաստատէ Մխիթարի եւ աշակերտներուն Մոռէա ժամանելու պարագաները եւ թէ ինչպէս ներկայացած էին Արքունի Գործակալ եւ Ասպետ Լորէնցոյ Սորանցոյ, Բարձրագոյն Դրան մօտ Վենետիկի արտակարգ Դեսպանին յանձնարարական նամակով, որու հիման վրայ ինքն անձամբ ասպընջականութիւն ցուցաբերած էր, վանք կառուցելու եւ ապրուստի համար կալուած տրամադրելով։ Երկրի թեմակալն ալ, Անճելոյ Մարիա Քարլինի արքեպիսկոպոսը, որ տարի մը առաջ մարտիրոսացած էր Նաուպլիայի առումին, բարենպաստ եւ գովասանական նամակներով կը վկայէր այս կրօնաւորներու բարեպաշտ եւ օրինակելի վարքագծի մասին։ Աւարտելով՝ Նանի կը յորդորէ ընդառաջել վերջիններուս խնդրանքին եւ որպէս ողորմութիւն տրամադրել 650 ոսկի փրկագինը եւ ապրուստի միջոց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.