2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (74)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

74.- ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ԽՆԴ­ՐԱԾ ԿՂ­ԶԻՆ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԻ­ՒԱՆ­ԴԱ­ՆՈ­ՑԻ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Մինչ Մխի­թար «Մու­րա­ցիկ­նե­րու Հի­ւան­դա­նոց­»ի հո­գա­բար­ձու­թեան հետ կը քն­նար­կէր Ս. Ղա­զար կղ­զին վար­ձա­կա­լե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը՝ կ՚ի­մա­նայ որ Սան Սեր­վո­լոյ կղ­զին, որ Տէ­րու­թե­նէն խնդ­րած էր, տրա­մադ­րուած է Քաս­թել­լոյի հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան՝ որ­պէս­զի վե­րա­ծուի պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից զի­նուոր­նե­րու հի­ւան­դա­նո­ցի։

­Վե­նե­տի­կի խո­հեմ աւա­գա­նին խու­սա­փե­լու հա­մար ամէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թե­նէ, 4 Յու­նիս 171­6ին կը վճ­ռէ Սան Սեր­վո­լոյ կղ­զիէն տար­հա­նել տա­կա­ւին ողջ մնա­ցած եր­կու մայ­րա­պետ­նե­րը եւ անոնց աղա­խին­նե­րը, եւ հոն զի­նուոր­նե­րու հա­մար հի­ւան­դա­նոց կա­ռու­ցել։ Այս վճ­ռագ­րին մէջ ման­րա­մաս­նօ­րէն կը նշուի թէ ի՛նչ պայ­ման­նե­րով եւ ո՛ւր պի­տի տե­ղա­փո­խուին եր­կու մայ­րա­պետ­նե­րը, անոնց հո­գե­ւոր խնամքն ու ապ­րուս­տի մի­ջոց­նե­րը, յու­նա­խօս աղա­խին­նե­րը եւ խոս­տո­վա­նա­հայ­րը եւ ամէն ման­րուք, նոյ­նիսկ կահ­կա­րա­սին։ Ու­շագ­րաւ է վճ­ռագ­րի աւար­տին նա­խա­դա­սու­թիւն մը, որ մին­չեւ օրս վրի­պած է ու­սում­նա­սէր­նե­րու աչ­քէն. յս­տակ նշուած է՝ «եւ հե­ռու մնալ ամէն վտան­գա­ւոր աչա­ռու­թիւ­նէ», ստո­րագ­րուած՝ Իզէփ­փոյ Ճա­քո­մաց­ցի, Տա­սանց խոր­հուր­դի քար­տու­ղա­րէն։

­Թէ ի՛նչ նկա­տի ու­նէին «ա­չա­ռու­թիւն» բա­ցատ­րու­թեամբ, երես­պաշ­տու­թեան կամ մար­դա­հա­ճու­թեան ի՛նչ վտանգ կար, յս­տակ չէ սա­կայն կա­րե­լի է գու­շա­կել։ Այս բա­ցատ­րու­թեամբ շատ պարզ ու բա­ցո­րոշ կեր­պով Տա­սանց խոր­հուր­դը կը զգու­շաց­նէ բո­լո­րին ոչ մէկ կեր­պով բա­րո­յա­կան ճն­շում­նե­րու են­թար­կուիլ, զերծ մնալ եւ խու­սա­փիլ ակ­նա­ծան­քէ կամ այլ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէ։ Յի­շենք որ Տա­սանց խոր­հուր­դը հար­ցեր քն­նար­կե­լու հա­մար կը հա­ւա­քուէր Տո­ժի եւ իր վեց խորհր­դա­կան­նե­րու մօտ, հե­տե­ւա­բար այս վճի­ռը ըն­թա­ցիկ գոր­ծարք­նե­րու բարձ­րա­գոյն ատեանի որո­շում էր։

Մէկ խօս­քով՝ վերջ­նա­կա­նօ­րէն վճ­ռուած էր Սան Սեր­վո­լոյի ճա­կա­տա­գի­րը։ Այ­սու կը բա­ցատ­րուի նաեւ թէ ին­չո՛ւ Մխի­թա­րի մտե­րիմ բա­րե­կամ Ան­տո­նիոյ Նա­նին իր բա­ցատ­րա­կան նա­մա­կին մէջ ակ­նարկ ան­գամ չ՚ը­ներ Սան Սեր­վո­լոյի մա­սին։

Ար­դա­րեւ, եր­կու օր ետք, 6 Յու­նիս 171­6ին, հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան հրա­հան­գին հպա­տակ՝ Ան­տո­նիոյ Նա­նի, Մո­ռէայի նախ­կին Ընդ­հա­նուր Կու­սա­կա­լը կը ներ­կա­յաց­նէ իր­մէ ակն­կա­լուած տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը։  Կը հաս­տա­տէ Մխի­թա­րի եւ աշա­կերտ­նե­րուն Մո­ռէա ժա­մա­նե­լու պա­րա­գա­նե­րը եւ թէ ինչ­պէս ներ­կա­յա­ցած էին Ար­քու­նի Գոր­ծա­կալ եւ Աս­պետ Լո­րէն­ցոյ Սո­րան­ցոյ, Բարձ­րա­գոյն Դրան մօտ Վե­նե­տի­կի ար­տա­կարգ Դես­պա­նին յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մա­կով, որու հի­ման վրայ ինքն ան­ձամբ աս­պըն­ջա­կա­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րած էր, վանք կա­ռու­ցե­լու եւ ապ­րուս­տի հա­մար կա­լուած տրա­մադ­րե­լով։ Երկ­րի թե­մա­կալն ալ, Ան­ճե­լոյ Մա­րիա Քար­լի­նի ար­քե­պիս­կո­պո­սը, որ տա­րի մը առաջ մար­տի­րո­սա­ցած էր Նաուպ­լիայի առու­մին, բա­րեն­պաստ եւ գո­վա­սա­նա­կան նա­մակ­նե­րով կը վկայէր այս կրօ­նա­ւոր­նե­րու բա­րե­պաշտ եւ օրի­նա­կե­լի վար­քագ­ծի մա­սին։ Աւար­տե­լով՝ Նա­նի կը յոր­դո­րէ ըն­դա­ռա­ջել վեր­ջին­նե­րուս խնդ­րան­քին եւ որ­պէս ողոր­մու­թիւն տրա­մադ­րել 650  ոս­կի փր­կա­գի­նը եւ ապ­րուս­տի մի­ջոց։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 08:01