Որոնել

2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (73)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

73.- ՄԽԻ­ԹԱ­Ր ԿԸ ՄՏԱԴ­ՐԷ ՎԱՐ­ՁԱ­ԿԱ­ԼԵԼ ՍՈՒՐԲ ՂԱ­ԶԱՐ ԿՂ­ԶԻՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հ. Մատ­թէոս Եւ­դո­կիացի Ժա­մա­նա­կագ­րու­թեան մէջ կը գրէ թէ Ծե­րա­կոյ­տի դժուա­րու­թիւ­նը՝ նոր կրօ­նա­ւո­րա­կան միաբա­նու­թիւն մը քա­ղա­քին մէջ աւելց­նելն էր։ Ար­դա­րեւ, ԺԴ. դա­րուն ըն­դու­նուած օրէն­քը կ՚ար­գի­լէր որե­ւէ կրօ­նա­ւո­րա­կան միաբա­նու­թեան հաս­տա­տուիլ Վե­նե­տիկ քա­ղա­քին մէջ, առանց կա­ռա­վա­րու­թեան բա­ցա­յայտ հրա­մա­նին, իսկ 10 Յու­նուար 160­4ին Վե­նե­տի­կի Ծե­րա­կոյ­տը այդ ար­գել­քը տա­րա­ծած էր նաեւ ցա­մա­քային տի­րոյթ­նե­րուն վրայ։

Մ­խի­թա­րի խնդ­րագ­րին տո­ժա­կան պա­լա­տէն կը պա­տաս­խա­նեն, թէ հնա­րա­ւոր չէր Վե­նե­տիկ քա­ղա­քին մէջ մշ­տա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տել, մինչ­դեռ Տէ­րու­թեան ցա­մա­քային տա­րածք­նե­րուն վրայ՝ ուր որ ու­զէին կր­նային վանք ու­նե­նալ։ Իսկ եթէ ան­պայ­ման քա­ղա­քին մէջ ու­զէին՝ Մխի­թա­րի եւ իր աշա­կերտ­նե­րուն ժա­մա­նա­կա­ւոր վանք մը կր­նային տրա­մադ­րել, որ միաբան­նե­րու մա­հուան՝ կը վե­րա­դառ­նար Վե­նե­տի­կի Տէ­րու­թեան։

­Միաբա­նու­թիւ­նը հիմ­նե­լու ժա­մա­նակ Մխի­թա­րի դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը իր գոր­ծին շա­րունա­կականու­թիւ­նը ապա­հո­վե­լը եղած էր, որու հա­մար նա­խա­տե­սած էր որ իր աշա­կերտ­նե­րը ուխ­տե­րով կա­պուած ըլ­լան վան­քին եւ շա­րու­նակ աշա­կերտ­ներ դաս­տիարա­կե­լով՝ միաբան­նե­րու թի­ւը բազ­մա­նար, որ­պէս­զի կա­րե­նար իր պաշ­տե­լի ազ­գին կա­րիք­նե­րուն հաս­նիլ։ Բնա­կա­նա­բար, չէր կր­նար ըն­դու­նիլ իշ­խա­նու­թեան առա­ջար­կը՝ քա­ղա­քին մէջ ժա­մա­նա­կա­ւոր վանք մը ու­նե­նա­լու, ուր պի­տի չկա­րե­նային բազ­մա­նալ եւ գո­յա­տե­ւել։ Իսկ քա­ղա­քէն դուրս, ցա­մա­քի վրայ բնա­կիլ ան­հնար էր, «քա­նի որ հոն պա­տա­րա­գուց­ներ չկային, որ­պէս ողոր­մու­թիւն, իսկ մենք միայն անոնց մի­ջո­ցով կ՚ապ­րէինք» կը գրէ ժա­մա­նա­կա­գի­րը։

­Մէկ տա­րի ան­ցած էր Մխի­թա­րի Վե­նե­տիկ ժա­մա­նու­մին եւ ար­դէն բա­ւա­կան քա­ջա­տե­ղեակ տեղ­ւոյն բար­քե­րուն եւ մտա­ծե­լա­կեր­պին. եւ կը հասկ­նայ, որ Տէ­րու­թիւ­նը հա­կա­ռակ չէր իրենց ներ­կա­յու­թեան, սա­կայն իր կորսն­ցու­ցած վան­քին փո­խա­րէն ձրի վանք մը տրա­մադ­րել՝ միայն իր պայ­ման­նե­րով տա­լու պատ­րաստ էր, ինչ որ զինք չէր գո­հաց­ներ։ Ուս­տի, կը խոր­հի վար­ձա­կա­լու­թեան հիմ­քով տա­րածք մը գտ­նել՝ որ­պէս յար­մա­րա­գոյն լու­ծում իր նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար։­

Ար­դէն քա­ղա­քին տար­բեր թա­ղա­մա­սե­րը շր­ջե­լու առիթ ու­նե­ցած էր, իսկ Վե­նե­տիկ հաս­նե­լուն՝ Մա­լա­մոք­քոյի ծո­վա­բե­րա­նէն ներս մտած ժա­մա­նակ տե­սած էր նաեւ Փո­վե­լիա կղ­զին, Սան Սփի­րի­թոյ, Լած­ծա­րէթ­թոյ Վէք­քիոյ, Սան Քլե­մէն­թէ, Սան Լած­ծա­րոյ, Սան Սեր­վո­լոյ եւ Լա Կրա­ցիա փոքր կղ­զի­նե­րը։ Ժա­մա­նա­կա­գի­րը կը նշէ. «Մ­խի­թար նպա­տա­կադ­րուած էր Վե­նե­տիկ քա­ղա­քի շուրջ գտ­նուող փոք­րիկ կղ­զի­նե­րէն մէ­կը ձեռք ձգել մեր մշտա­կա­ն բնա­կու­թեան հա­մար... Բազ­մա­թիւ կղ­զի­նե­րէն՝ լա­ւա­գոյ­նը Ս. Ղա­զարն էր, որ շատ հե­ռու չէր քա­ղա­քէն, բարձ­րա­դիր էր ու բա­րեն­պաստ օդ ունէր»։

­Հե­տե­ւա­բար, Մխի­թար ժա­մա­նակ չի կորսնց­ներ. ան­մի­ջա­պէս կը տե­ղե­կա­նայ Ս. Ղա­զար կղ­զիի մա­սին եւ կ՚ի­մա­նայ, որ կը պատ­կա­նէր «Մու­րա­ցիկ­նե­րու Հի­ւան­դա­նոց­»ին, եւ ղե­կա­վա­րուած էր վե­նետ­կե­ցի սե­պուհ­նե­րէ եւ մե­ծա­հա­րուստ վա­ճա­ռա­կան­նե­րէ կազ­մուած Հո­գա­բար­ձու Խոր­հուր­դէն։ Ար­դէն իսկ Մայիս 31ին կը ներ­կա­յա­նայ եւ կ՚ա­ռա­ջար­կէ վար­ձա­կա­լել Ս. Ղա­զար կղ­զին։ Այդ տա­րուան Նա­խա­գա­հող Կա­ռա­վա­րի­չը կը խոս­տա­նայ Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դի նիս­տին ներ­կա­յաց­նել Մխի­թա­րի առա­ջար­կը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/08/2026, 07:40