ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (73)
73.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԸ ՄՏԱԴՐԷ ՎԱՐՁԱԿԱԼԵԼ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐ ԿՂԶԻՆ
Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի Ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ թէ Ծերակոյտի դժուարութիւնը՝ նոր կրօնաւորական միաբանութիւն մը քաղաքին մէջ աւելցնելն էր։ Արդարեւ, ԺԴ. դարուն ընդունուած օրէնքը կ՚արգիլէր որեւէ կրօնաւորական միաբանութեան հաստատուիլ Վենետիկ քաղաքին մէջ, առանց կառավարութեան բացայայտ հրամանին, իսկ 10 Յունուար 1604ին Վենետիկի Ծերակոյտը այդ արգելքը տարածած էր նաեւ ցամաքային տիրոյթներուն վրայ։
Մխիթարի խնդրագրին տոժական պալատէն կը պատասխանեն, թէ հնարաւոր չէր Վենետիկ քաղաքին մէջ մշտական բնակութիւն հաստատել, մինչդեռ Տէրութեան ցամաքային տարածքներուն վրայ՝ ուր որ ուզէին կրնային վանք ունենալ։ Իսկ եթէ անպայման քաղաքին մէջ ուզէին՝ Մխիթարի եւ իր աշակերտներուն ժամանակաւոր վանք մը կրնային տրամադրել, որ միաբաններու մահուան՝ կը վերադառնար Վենետիկի Տէրութեան։
Միաբանութիւնը հիմնելու ժամանակ Մխիթարի դիտաւորութիւնը իր գործին շարունակականութիւնը ապահովելը եղած էր, որու համար նախատեսած էր որ իր աշակերտները ուխտերով կապուած ըլլան վանքին եւ շարունակ աշակերտներ դաստիարակելով՝ միաբաններու թիւը բազմանար, որպէսզի կարենար իր պաշտելի ազգին կարիքներուն հասնիլ։ Բնականաբար, չէր կրնար ընդունիլ իշխանութեան առաջարկը՝ քաղաքին մէջ ժամանակաւոր վանք մը ունենալու, ուր պիտի չկարենային բազմանալ եւ գոյատեւել։ Իսկ քաղաքէն դուրս, ցամաքի վրայ բնակիլ անհնար էր, «քանի որ հոն պատարագուցներ չկային, որպէս ողորմութիւն, իսկ մենք միայն անոնց միջոցով կ՚ապրէինք» կը գրէ ժամանակագիրը։
Մէկ տարի անցած էր Մխիթարի Վենետիկ ժամանումին եւ արդէն բաւական քաջատեղեակ տեղւոյն բարքերուն եւ մտածելակերպին. եւ կը հասկնայ, որ Տէրութիւնը հակառակ չէր իրենց ներկայութեան, սակայն իր կորսնցուցած վանքին փոխարէն ձրի վանք մը տրամադրել՝ միայն իր պայմաններով տալու պատրաստ էր, ինչ որ զինք չէր գոհացներ։ Ուստի, կը խորհի վարձակալութեան հիմքով տարածք մը գտնել՝ որպէս յարմարագոյն լուծում իր նպատակին հասնելու համար։
Արդէն քաղաքին տարբեր թաղամասերը շրջելու առիթ ունեցած էր, իսկ Վենետիկ հասնելուն՝ Մալամոքքոյի ծովաբերանէն ներս մտած ժամանակ տեսած էր նաեւ Փովելիա կղզին, Սան Սփիրիթոյ, Լածծարէթթոյ Վէքքիոյ, Սան Քլեմէնթէ, Սան Լածծարոյ, Սան Սերվոլոյ եւ Լա Կրացիա փոքր կղզիները։ Ժամանակագիրը կը նշէ. «Մխիթար նպատակադրուած էր Վենետիկ քաղաքի շուրջ գտնուող փոքրիկ կղզիներէն մէկը ձեռք ձգել մեր մշտական բնակութեան համար... Բազմաթիւ կղզիներէն՝ լաւագոյնը Ս. Ղազարն էր, որ շատ հեռու չէր քաղաքէն, բարձրադիր էր ու բարենպաստ օդ ունէր»։
Հետեւաբար, Մխիթար ժամանակ չի կորսնցներ. անմիջապէս կը տեղեկանայ Ս. Ղազար կղզիի մասին եւ կ՚իմանայ, որ կը պատկանէր «Մուրացիկներու Հիւանդանոց»ին, եւ ղեկավարուած էր վենետկեցի սեպուհներէ եւ մեծահարուստ վաճառականներէ կազմուած Հոգաբարձու Խորհուրդէն։ Արդէն իսկ Մայիս 31ին կը ներկայանայ եւ կ՚առաջարկէ վարձակալել Ս. Ղազար կղզին։ Այդ տարուան Նախագահող Կառավարիչը կը խոստանայ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նիստին ներկայացնել Մխիթարի առաջարկը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.