ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (72)
72.- ՄԽԻԹԱՐԻ ԽՆԴՐԱԳԻՐԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ «ԽԱՂԱՂԱԳՈՅՆ ՏԷՐՈՒԹԵԱՆ»
Մխիթարի ջանքերը դրական արդիւնքերու ծիլեր կ՚արձակեն Միաբանութեան ջերմեռանդ աղօթքներուն շնորհիւ։ Արդարեւ, 1716ի Մայիս 13ին Մխիթար վերջապէս պաշտօնական խնդրագիր կը ներկայացնէ Վենետիկի Տոժին, համառօտ ակնարկով մը պատմելով թէ ինչպէս քսաներեք միաբաններով հանգրուանած էր Մեթոն եւ Տէրութեան բարեացակամութեամբ տարածք ստանալով՝ սեփական ծախսերով կառուցած էր եկեղեցին ու վանքը, եւ ապահովուած ըլլալով պետական եկամտաբեր կալուածներու վարձակալութեամբ՝ տասներեք տարի օրինակելի կրօնաւորական կեանքով բարի համբաւ կը վայելէին տեղաբնակներու եւ վենետկեցի իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ երկրի թեմակալ եպիսկոպոսի մօտ։ Պատերազմի պատճառով ամէն ինչքերէ մերկացած՝ ապաւինած էին Վենետիկ եւ կը խնդրէին որ Հասարակապետութիւն այս անգամ եւս ողորմածութեամբ ընդունէր զիրենք եւ եկեղեցի եւ վանք յատկացնէր, հնարաւորութեան չափով ողորմածութեամբ առատաձեռնելով նաեւ որոշ գումար մը։ Առաջարկի տեսքով կը նշուի տրամադրել Սան Սերվոլոյի եկեղեցին եւ վանքը, ուր Կրետէի փախստականներէն միայն մէկ կուսան մնացած էր։
Այս դիմումնագիրը Մխիթար կը յանձնէ Վենետիկի գերագոյն իշխանութեան՝ Խաղաղագոյն Տէրութեան, «Serenissima Signoria», այսինքն անձամբ Տոժին եւ իր վեց խորհրդականներուն, որ Վենետիկի վեց թաղամասերը կը ներկայացնէին, եւ գերագոյն ատեանի երեք դատաւորներուն։ Արդարեւ, այս տասը հոգինոց խումբը Վենետիկի Հասարակապետութեան պետական ղեկավար մարմինը կը կազմէր եւ բոլոր ընթացիկ գործերը եւ պետական յարաբերութիւնները կը վարէր։
Մխիթարի առաջարկը կը քննարկուի եւ նամակին վրայ հետեւեալ մակագրութիւնը կը գտնենք. «Փոխանցել մէկ եւ միւս ձեռքի Իմաստուններուն», այսինքն, Ղեկավար մարմնի նիստերուն բազմող աջակողմեան եւ ձախակողմեան իմաստուններուն, համապատասխանաբար՝ վեց հոգի Վենետիկ քաղաքի եւ հինգ հոգի Վենետիկի ցամաքային տիրոյթներու արտաքին քաղաքականութեան խորհրդականներուն։
Այս փոխանցման որոշումին կը յաջորդէ անմիջական գործնական հրահանգ մըն ալ, «Illicò» - «Շտապ» բացատրութեամբ, այսպէս ձեւակերպուած. «համաձայն Օրէնքի սահմաններուն՝ կարծիք հայցել Վանօրէից Վարչութենէն ինչպէս նաեւ Մոռէայէն վերադարձած Նանի Ընդհանուր Կառավարիչէն», որ 1703-1705 թուականներուն Մոռէայի Տէրութիւնը ղեկավարած էր երբ Մխիթար հոն կը հաստատուէր։
Մէկ խօսքով կը յանձնարարուի հարցը քննարկել լրջագոյն եւ լիարժէք ձեւով, արտաքին եւ ներքին հետեւանքները նախատեսելու եւ միաժամանակ մանրակրկիտ ստուգում կատարելու համար, որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ։
Այս փաստաթուղթի տակ ստորագրած են վեց խորհրդականները, եւ ամենավերջը Լորէնցոյ Վալիէրի տոժական նօտարը վաւերացուցած է իր ստորագրութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.