2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (72)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

72.- ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ԽՆԴ­ՐԱ­ԳԻ­ՐԸ ՎԵ­ՆԵ­ՏԻ­ԿԻ «ԽԱ­ՂԱ­ՂԱ­ԳՈՅՆ ՏԷ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ»

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մ­խի­թա­րի ջան­քե­րը դրա­կան ար­դիւ­նքե­րու ծի­լեր կ՚ար­ձա­կեն Միաբա­նու­թեան ջեր­մե­ռանդ աղօթք­նե­րուն շնոր­հիւ։ Ար­դա­րեւ, 171­6ի Մայիս 13ին Մխի­թար վեր­ջա­պէս պաշ­տօ­նա­կան խնդ­րա­գիր կը ներ­կա­յաց­նէ Վե­նե­տի­կի Տո­ժին, հա­մա­ռօտ ակ­նար­կով մը պատ­մե­լով թէ ինչ­պէս քսա­նե­րեք միաբան­նե­րով հանգ­րուա­նած էր Մե­թոն եւ Տէ­րու­թեան բա­րեացա­կա­մու­թեամբ տա­րածք ստա­նա­լով՝ սե­փա­կան ծախ­սե­րով կա­ռու­ցած էր եկե­ղե­ցին ու վան­քը, եւ ապա­հո­վուած ըլ­լա­լով պե­տա­կան եկամ­տա­բեր կա­լուած­նե­րու վար­ձա­կա­լու­թեամբ՝ տաս­նե­րեք տա­րի օրի­նա­կե­լի կրօ­նա­ւո­րա­կան կեան­քով բա­րի համ­բաւ կը վայե­լէին տե­ղաբ­նակ­նե­րու եւ վե­նետ­կե­ցի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի թե­մա­կալ եպիս­կո­պո­սի մօտ։ Պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով ամէն ինչ­քե­րէ մեր­կա­ցած՝ ապա­ւի­նած էին Վե­նե­տիկ եւ կը խնդ­րէին որ Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թիւն այս ան­գամ եւս ողոր­մա­ծու­թեամբ ըն­դու­նէր զի­րենք եւ եկե­ղե­ցի եւ վանք յատ­կաց­նէր, հնա­րա­ւո­րու­թեան չա­փով ողոր­մա­ծու­թեամբ առա­տա­ձեռ­նե­լով նաեւ որոշ գու­մար մը։ Առա­ջար­կի տես­քով կը նշուի տրա­մադ­րել Սան Սեր­վո­լոյի եկե­ղե­ցին եւ վան­քը, ուր Կրե­տէի փախս­տա­կան­նե­րէն միայն մէկ կու­սան մնա­ցած էր։­

Այս դի­մում­նա­գի­րը Մխի­թար կը յանձ­նէ Վե­նե­տի­կի գե­րա­գոյն իշ­խա­նու­թեան՝ Խա­ղա­ղա­գոյն Տէ­րու­թեան, «Serenissima Signoria», այ­սինքն ան­ձամբ Տո­ժին եւ իր վեց խորհր­դա­կան­նե­րուն, որ Վե­նե­տի­կի վեց թա­ղա­մա­սե­րը կը ներ­կա­յաց­նէին, եւ գե­րա­գոյն ատեանի երեք դա­տա­ւոր­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, այս տա­սը հո­գի­նոց խում­բը Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ղե­կա­վար մար­մի­նը կը կազ­մէր եւ բո­լոր ըն­թա­ցիկ գոր­ծե­րը եւ պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը վա­րէր։

Մ­խի­թա­րի առա­ջար­կը կը քն­նար­կուի եւ նա­մա­կին վրայ հե­տե­ւեալ մա­կագ­րու­թիւ­նը կը գտ­նենք. «Փո­խան­ցել մէկ եւ միւս ձեռ­քի Իմաս­տուն­նե­րուն», այ­սինքն, Ղե­կա­վար մարմ­նի նիս­տե­րուն բազ­մող աջա­կող­մեան եւ ձա­խա­կող­մեան իմաս­տուն­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար՝ վեց հո­գի Վե­նե­տիկ քա­ղա­քի եւ հինգ հո­գի Վե­նե­տի­կի ցա­մա­քային տի­րոյթ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան խորհր­դա­կան­նե­րուն։­

Այս փո­խանց­ման որո­շու­մին կը յա­ջոր­դէ ան­մի­ջա­կան գործ­նա­կան հրա­հանգ մըն ալ, «Illicò» - «Շ­տապ» բա­ցատ­րու­թեամբ, այս­պէս ձե­ւա­կեր­պուած. «հա­մա­ձայն Օրէն­քի սահ­ման­նե­րուն՝ կար­ծիք հայ­ցել Վա­նօ­րէից Վար­չու­թե­նէն ինչ­պէս նաեւ Մո­ռէայէն վե­րա­դար­ձած Նա­նի Ընդ­հա­նուր Կա­ռա­վա­րի­չէն», որ 1703-1705 թուա­կան­նե­րուն Մո­ռէայի Տէ­րու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րած էր երբ Մխի­թար հոն կը հաս­տա­տուէր։

­Մէկ խօս­քով կը յանձ­նա­րա­րուի հար­ցը քն­նար­կել լր­ջա­գոյն եւ լիար­ժէք ձե­ւով, ար­տա­քին եւ ներ­քին հե­տե­ւանք­նե­րը նա­խա­տե­սե­լու եւ միաժա­մա­նակ ման­րակր­կիտ ստու­գում կա­տա­րե­լու հա­մար, որե­ւէ որո­շում կա­յաց­նե­լէ առաջ։­

Այս փաս­տա­թուղ­թի տակ ստո­րագ­րած են վեց խորհր­դա­կան­նե­րը, եւ ամե­նա­վեր­ջը Լո­րէն­ցոյ Վա­լիէրի տո­ժա­կան նօ­տա­րը վա­ւե­րա­ցու­ցած է իր ստո­րագ­րու­թեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 08:05