ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (70)
70.- ՄԽԻԹԱՐ ՅՈՅՍԸ ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ ԴՐԱԾ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ Կ՚ԱՌՆԷ
Վենետիկի մէջ ապրուստի եւ օրապահիկի հարցերը որոշ չափով կազմակերպելէ ետք Մխիթար 25 Մայիս 1715ին Հաւատասփիւռ Ժողովի նախագահ՝ Ծիրանաւոր Սակրիպանտէին նամակով կը տեղեկացնէ իրենց վիճակին մասին, թէ ինչպէս ինքն ու տասնըմէկ միաբաններ վարձակալած բնակարանի մը մէջ կ՚ապրէին եւ թէ ինչպէս Վենետիկի Տէրութիւնը պատարագուցով ապահոված էր իրենց ապրուստը։ Մխիթար կ՚աւելցնէ նաեւ թէ շատ պիտի փափաքէր Հռոմ երթալ իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու համար, սակայն պարագաներու բերումով հարկադրուած էր միաբանութեան առօրեայ կեանքը դասաւորել եւ կը յուսար շուտով իրականացնել իր փափաքը։
Յունիսի կէսերուն Սակրիպանտէ Ծիրանաւորը երկտողով մը կը պատասխանէ եւ ներփակ յանձնարարական նամակ մը կը շնորհէ՝ ուղղուած Վենետիկի Պատրիարքին, որպէսզի ան իր խնամակալութեան տակ վերցնէր նորահաս միաբանութիւնը։
Տարեվերջին, 14 Դեկտեմբերին, Մխիթար նամակով մը կը տեղեկացնէ պատասխանատու Ծիրանաւորին, որ Արեւելքի մէջ Հ. Անդրէաս վախճանած էր, 38 տարեկանին, իսկ երկու վարդապետներ վերադարձած էին Մեթոնէն։ Այդ բերդաքաղաքի առումին՝ լուր հասած էր որ մէկ վարդապետ եւ մէկ եղբայր սպաննուած էին, իսկ երկուքը՝ գերեվարուած։ Միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ որ Ծիրանաւորը զիրենք Վենետիկի Պատրիարք Պետրոս Պարպարիկոյի խնամքին յանձնած էր։
Մխիթար Աբբահայր առաջիկայ աւագ վարդապետներուն հետ միասին կ՚որոշեն ամէն հնարաւոր միջոց օգտագործել քաղաքին մէջ վանք մը ձեռք բերելու համար, որ իրենց եւ յաջորդներուն համար մշտական բնակավայր դառնար առ յաւէտ։ Տարի մը ամբողջ, կը գրէ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացին, Մխիթար մեծամեծներու ապարանքները կը յաճախէ, իր միաբանութեան եւ գործունէութեան մասին յանձնարարական նամակներ, միջնորդութիւններ եւ հաւաստագրեր առնելու համար, որպէսզի կարենար պետական իշխանութիւններուն ներկայացնել՝ բացատրելու համար իրենց ժամանումի պարագաները եւ խնդրանքին դրդապատճառները, որպէսզի ընդառաջէին իրենց։
Այս հարցին մէջ իրեն մեծապէս օգտակար կը դառնան Մոռէայի մէջ ղեկավար պաշտօններ վարած վենետկեցի սեպուհներ, որ անձամբ փորձն ունէին Մխիթարի սրբակենցաղ, խոհեմ, անյիշաչար եւ բարեհամբոյր կենցաղին եւ իր հիմնած միաբանութեան անդամներուն կարգապահ, լուրջ, աղօթասէր, եւ տիպար կրօնաւորներ ըլլալուն։ Մխիթարի մշտապէս թիկունք կանգնողները՝ Անտոնիոյ Նանի, Անճէլոյ Էմոյ, Սեբաստիանոյ Ալվիզէ Մոչէնիկոյ սեպուհներն էին։ Սակայն Մխիթար Աստուծոյ վստահացած եւ Աստուածամօր բարեխօսութեան ապաւինած՝ միշտ կը յանձնարարէր իր աշակերտներուն ջերմեռանդ աղօթքներ բարձրացնել երկնաւոր Հօր եւ ողորմութեան Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.