2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (70)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

70.- ՄԽԻ­ԹԱ­Ր ՅՈՅ­ՍԸ ՄԻԱՅՆ ԱՍ­ՏՈՒ­ԾՈՅ ՎՐԱՅ ԴՐԱԾ ԳՈՐԾ­ՆԱ­ԿԱՆ ՔԱՅ­ԼԵՐ Կ՚ԱՌ­ՆԷ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Վե­նե­տի­կի մէջ ապ­րուս­տի եւ օրա­պա­հի­կի հար­ցե­րը որոշ չա­փով կազ­մա­կեր­պե­լէ ետք Մխի­թար 25 Մայիս 171­5ին Հա­ւա­տաս­փիւռ Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ՝ Ծի­րա­նա­ւոր Սակ­րի­պան­տէին նա­մա­կով կը տե­ղե­կաց­նէ իրենց վի­ճա­կին մա­սին, թէ ինչ­պէս ինքն ու տաս­նը­մէկ միաբան­ներ վար­ձա­կա­լած բնա­կա­րա­նի մը մէջ կ՚ապ­րէին եւ թէ ինչ­պէս Վե­նե­տի­կի Տէ­րու­թիւ­նը պա­տա­րա­գու­ցով ապա­հո­ված էր իրենց ապ­րուս­տը։ Մխի­թար կ՚ա­ւելց­նէ նաեւ թէ շատ պի­տի փա­փա­քէր Հռոմ եր­թալ իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լու հա­մար, սա­կայն պա­րա­գա­նե­րու բե­րու­մով հար­կադ­րուած էր միաբա­նու­թեան առօ­րեայ կեան­քը դա­սա­ւո­րել եւ կը յու­սար շու­տով իրա­կա­նաց­նել իր փա­փա­քը։

Յու­նի­սի կէ­սե­րուն Սակ­րի­պան­տէ Ծի­րա­նա­ւո­րը երկ­տո­ղով մը կը պա­տաս­խա­նէ եւ ներ­փակ յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մակ մը կը շնոր­հէ՝ ուղ­ղուած Վե­նե­տի­կի Պատ­րիար­քին, որ­պէս­զի ան իր խնա­մա­կա­լու­թեան տակ վերց­նէր նո­րա­հաս միաբա­նու­թիւ­նը։

­Տա­րե­վեր­ջին, 14 Դեկ­տեմ­բե­րին, Մխի­թար նա­մա­կով մը կը տե­ղե­կաց­նէ պա­տաս­խա­նա­տու Ծի­րա­նա­ւո­րին, որ Արե­ւել­քի մէջ Հ. Անդ­րէաս վախ­ճա­նած էր, 38 տա­րե­կա­նին, իսկ եր­կու վար­դա­պետ­ներ վե­րա­դար­ձած էին Մե­թո­նէն։ Այդ բեր­դա­քա­ղա­քի առու­մին՝ լուր հա­սած էր որ մէկ վար­դա­պետ եւ մէկ եղ­բայր սպան­նուած էին, իսկ եր­կու­քը՝ գե­րե­վա­րուած։ Միաժա­մա­նակ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ որ Ծի­րա­նա­ւո­րը զի­րենք Վե­նե­տի­կի Պատ­րիարք Պետ­րոս Պար­պա­րի­կոյի խնամ­քին յանձ­նած էր։

Մ­խի­թար Աբ­բա­հայր առա­ջի­կայ աւագ վար­դա­պետ­նե­րուն հետ միասին կ՚ո­րո­շեն ամէն հնա­րա­ւոր մի­ջոց օգ­տա­գոր­ծել քա­ղա­քին մէջ վանք մը ձեռք բե­րե­լու հա­մար, որ իրենց եւ յա­ջորդ­նե­րուն հա­մար մշ­տա­կան բնա­կա­վայր դառ­նար առ յա­ւէտ։ Տա­րի մը ամ­բողջ, կը գրէ Հ. Մատ­թէոս Եւ­դո­կիացին, Մխի­թար մե­ծա­մեծ­նե­րու ապա­րանք­նե­րը կը յա­ճա­խէ, իր միաբա­նու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մակ­ներ, միջ­նոր­դու­թիւն­ներ եւ հա­ւաս­տագ­րեր առ­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի կա­րե­նար պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել՝ բա­ցատ­րե­լու հա­մար իրենց ժա­մա­նու­մի պա­րա­գա­նե­րը եւ խնդ­րան­քին դր­դա­պատ­ճառ­նե­րը, որ­պէս­զի ըն­դա­ռա­ջէին իրենց։­

Այս հար­ցին մէջ իրեն մե­ծա­պէս օգ­տա­կար կը դառ­նան Մո­ռէայի մէջ ղե­կա­վար պաշ­տօն­ներ վա­րած վե­նետ­կե­ցի սե­պուհ­ներ, որ ան­ձամբ փորձն ու­նէին Մխի­թա­րի սր­բա­կեն­ցաղ, խո­հեմ, անյի­շա­չար եւ բա­րե­համ­բոյր կեն­ցա­ղին եւ իր հիմ­նած միաբա­նու­թեան  ան­դամ­նե­րուն կար­գա­պահ, լուրջ, աղօ­թա­սէր, եւ տի­պար կրօ­նա­ւոր­ներ ըլ­լա­լուն։ Մխի­թա­րի մշ­տա­պէս թի­կունք կանգ­նող­նե­րը՝ Ան­տո­նիոյ Նա­նի, Ան­ճէ­լոյ Էմոյ, Սե­բաս­տիանոյ Ալ­վի­զէ Մո­չէ­նի­կոյ սե­պուհ­ներն էին։ Սա­կայն Մխի­թար Աս­տու­ծոյ վս­տա­հա­ցած եւ Աս­տուա­ծա­մօր բա­րե­խօ­սու­թեան ապա­ւի­նած՝ միշտ կը յանձ­նա­րա­րէր իր աշա­կերտ­նե­րուն ջեր­մե­ռանդ աղօթք­ներ բարձ­րաց­նել երկ­նա­ւոր Հօր եւ ողոր­մու­թեան Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մա­րիամին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/07/2026, 08:07