ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (67)
67.- ՄԵԹՈՆ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔԸ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ ԾՈՎԷՆ ՈՒ ՑԱՄԱՔԷՆ
Նէապոլիսի անկման բօթը եւ ժողովուրդի ջարդի տխուր լուրը կայծակի արագութեամբ ամբողջ Պեղոպոնէսով մէկ կը տարածուի։ Բոլոր վենետկեցի ժողովուրդը Մեթոն կը թափի որպէս վերջին ապաստարան։ Մեթոնի Կառավարիչը մարտունակ այր մարդիկը միայն պահելով թոյլ կու տայ որ բնակիչները հեռանան բերդաքաղաքէն։ Մեր միաբաններէն երկու հոգիի ալ կը թոյլատրէ Վենետիկ մեկնիլ, իսկ մնացած չորսը պէտք է մնային վանքը պահելու եւ աղօթքով զինուորներու հոգեկանը բարձր պահելու։
Հ. Մանուէլն ու Հ. Թովմասը փախստականներով խռնուած նաւու մը մէջ մեծ դժուարութեամբ անկիւն մը կը ճարեն եւ կը հեռանան Մեթոնէն, շատ հաւանաբար Յուլիս ամսուան կէսերուն։ Քանի մը օր ետք, օսմանեան յառաջապահ գունդերը կը հասնին։ Իրենց նաւատորմիղն ալ հրահանգ ստացած էր ծովէն պաշարել բերդաքաղաքը եւ փախուստի ճամբան փակել։ Մեծ Վէզիրը՝ Տամատ Ալի փաշան ալ կը ժամանէ եւ բերդապահներուն կը հրաւիրէ անձնատուր ըլլալ, սակայն Վինչէնցոյ Փաստայ Կառավարիչը եւ Անտոնիոյ Ծաքքոյ զօրապետը բերդաքաղաքի բանալիները չեն յանձներ։
Այսպէս Կիրակի, 4 Օգոստոս 1715ին փոխ հրաձգութիւնը կը սկսի։ Շնորհիւ բերդաքաղաքի բարձր դիրքին վենետկեան զօրքը մեծամեծ վնասներ կը հասցնէ թշնամի բանակի շարքերուն, որոնք պաշտպանական խրամատներ չունէին, այլ իւրաքանչիւր զինուոր իր սեփական թմբապատնէշը փորած՝ ետեւը խցկուած էր։ Սակայն ի զուր, որովհետեւ մէկի փոխարէն երկուքը, երեքը կը խռնուէին բերդին շուրջ։ Պատնէշներուն վրայէն ծովածաւալ բանակին վերջը չէր երեւեր, ամբողջ հորիզոնը բռնած էր օսմանեան բանակը։ Երեք օր, գիշեր ցերեկ ծանր հրետակոծութեամբ իրար հարուածելէ ետք, վենետկեցի հրամատարները տեսնելով որ ամէն կողմէ պաշարուած անհնար է այդչափ բազմութեան դիմակայել՝ չորրորդ օրը կ՚որոշեն մեղմացնել հարուածները՝ որպէսզի ողորմութեան արժանանան, եւ երեկոյեան հաշտութեան սպիտակ դրօշը կը պարզեն։ Անմիջապէս հրադադար կը տիրէ եւ իւրաքանչիւր կողմէ երկուական բանակցորդ թշնամի ճամբար կ՚երթան՝ հաշտութեան պայմանները քննարկելու համար։ Վենետկեցիները օսմանեան բանակի գլխաւոր հրամանատարին կը մօտենան եւ հաշտութեան դաշինք կը կռեն, սակայն երբ այս որոշման մասին կը հաղորդեն Մեծ Վէզիրին՝ որ բանակէն հեռու ապահով տեղ մը վրանը լարած էր, զայրանալով կը մերժէ որեւէ հաշտութիւն, եւ այսպէս երկու բանագնացները կը մնան թշնամիի ճամբարը։ Գիշերը վրայ կը հասնի եւ մթին խաւարին մէջ, լռութեամբ թուրքերը կը յառաջանան մինչեւ բերդի ստորոտը եւ առաւօտեան լոյսը ծագելուն՝ աստիճաններով եւ պարաններով պարիսպներն ի վեր գռոհելով՝ կը ներխուժեն եւ հանդիպողը սուրէ կ՚անցընեն։ Հրամանատարները կ՚արտօնեն որ զօրքը զէնքերը լքէ եւ սեփական կեանքն ապահովէ, մինչ իրենք փոքրիկ մակոյկով մը ծովի ճամբով կ՚երթան օսմանեան ծովակալին անձնատուր ըլլալու։
Սուրբ Մարկոսի առիւծի փոխարէն կրկին անգամ Մեթոնի վրայ օսմանեան կայսրութեան դրօշը կը ծածանի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.