2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (67)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

67.- ՄԵ­ԹՈ­Ն ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔԸ ՇՐ­ՋԱ­ՊԱ­ՏՈՒԱԾ ԾՈ­ՎԷՆ ՈՒ ՑԱ­ՄԱ­ՔԷՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Նէապո­լի­սի ան­կման բօ­թը եւ ժո­ղո­վուր­դի ջար­դի տխուր լու­րը կայ­ծա­կի արա­գու­թեամբ ամ­բողջ Պե­ղո­պո­նէ­սով մէկ կը տա­րա­ծուի։ Բոլոր վենետկեցի ժողովուրդը Մե­թո­ն կը թափի որպէս վերջին ապաստարան։ Մեթոնի Կա­ռա­վա­րի­չը մար­տու­նակ այր մար­դի­կը միայն պա­հե­լով թոյլ կու տայ որ բնա­կիչ­նե­րը հե­ռա­նան բեր­դա­քա­ղա­քէն։ Մեր միաբան­նե­րէն եր­կու հո­գիի ալ կը թոյ­լատ­րէ Վե­նե­տիկ մեկ­նիլ, իսկ մնա­ցած չոր­սը պէտք է մնային վան­քը պա­հե­լու եւ աղօթ­քով զինուոր­ներու հոգեկանը բարձր պահելու։

Հ. Մա­նուէլն ու Հ. Թով­մա­սը փախստականներով խռ­նուած նա­ւու մը մէջ մեծ դժուա­րու­թեամբ ան­կիւն մը կը ճա­րեն եւ կը հե­ռա­նան Մե­թո­նէն, շատ հա­ւա­նա­բար Յու­լիս ամ­սուան կէ­սե­րուն։ Քա­նի մը օր ետք, օս­մա­նեան յառա­ջա­պահ գուն­դե­րը կը հաս­նին։ Իրենց նա­ւա­տոր­միղն ալ հրա­հանգ ստա­ցած էր ծո­վէն պա­շա­րել բեր­դա­քա­ղա­քը եւ փա­խուս­տի ճամ­բան փա­կել։ Մեծ Վէ­զի­րը՝ Տա­մատ Ալի փա­շան ալ կը ժա­մա­նէ եւ բեր­դա­պահ­նե­րուն կը հրա­ւի­րէ ան­ձնա­տուր ըլ­լալ, սա­կայն Վին­չէն­ցոյ Փաս­տայ Կա­ռա­վա­րի­չը եւ Ան­տո­նիոյ Ծաք­քոյ զօրապետը բեր­դա­քա­ղա­քի բա­նա­լի­նե­րը չեն յանձ­ներ։­

Այս­պէս Կի­րա­կի, 4 Օգոս­տոս 171­5ին փոխ հրաձ­գու­թիւ­նը կը սկ­սի։ Շնոր­հիւ բեր­դա­քա­ղա­քի բարձր դիր­քին վե­նետ­կեան զօր­քը մե­ծա­մեծ վնաս­ներ կը հասց­նէ թշ­նա­մի բա­նա­կի շար­քե­րուն, որոնք պաշտպանական խրամատներ չունէին, այլ իւ­րա­քան­չիւր զի­նուոր իր սե­փա­կան թմ­բա­պատ­նէ­շը փո­րած՝ ետե­ւը խց­կուած էր։ Սա­կայն ի զուր, որով­հե­տեւ մէ­կի փո­խա­րէն եր­կու­քը, երե­քը կը խռ­նուէին բեր­դին շուրջ։ Պատ­նէշ­նե­րուն վրայէն ծո­վա­ծա­ւալ բա­նա­կին վեր­ջը չէր երե­ւեր, ամ­բողջ հո­րի­զո­նը բռ­նած էր օս­մա­նեան բա­նա­կը։ Երեք օր, գի­շեր ցե­րեկ ծանր հրե­տա­կո­ծու­թեամբ իրար հա­րուա­ծե­լէ ետք, վե­նետ­կե­ցի հրա­մա­տար­նե­րը տես­նե­լով որ ամէն կող­մէ պա­շա­րուած ան­հնար է այդ­չափ բազ­մու­թեան դի­մա­կայել՝ չոր­րորդ օրը կ՚ո­րո­շեն մեղ­մաց­նել հա­րուած­նե­րը՝ որ­պէս­զի ողոր­մու­թեան ար­ժա­նա­նան, եւ երե­կոյեան հաշ­տու­թեան սպի­տակ դրօ­շը կը պար­զեն։ Ան­մի­ջա­պէս հրա­դա­դար կը տի­րէ եւ իւ­րա­քան­չիւր կող­մէ եր­կուա­կան բա­նակ­ցորդ թշ­նա­մի ճամ­բար կ՚եր­թան՝ հաշ­տու­թեան պայ­ման­նե­րը քն­նար­կե­լու հա­մար։ Վե­նետ­կե­ցի­նե­րը օս­մա­նեան բա­նա­կի գլ­խա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րին կը մօ­տե­նան եւ հաշ­տու­թեան դա­շինք կը կռեն, սա­կայն երբ այս որոշ­ման մա­սին կը հա­ղոր­դեն Մեծ Վէ­զի­րին՝ որ բա­նա­կէն հե­ռու ապա­հով տեղ մը վրա­նը լա­րած էր, զայ­րա­նա­լով կը մեր­ժէ որե­ւէ հաշ­տու­թիւն, եւ այս­պէս եր­կու բա­նագ­նաց­նե­րը կը մնան թշ­նա­միի ճամ­բա­րը։ Գի­շե­րը վրայ կը հաս­նի եւ մթին խա­ւա­րին մէջ, լռու­թեամբ թուր­քե­րը կը յա­ռա­ջա­նան մին­չեւ բեր­դի ստո­րո­տը եւ առա­ւօ­տեան լոյ­սը ծա­գե­լուն՝ աս­տի­ճան­նե­րով եւ պա­րան­նե­րով պա­րիսպ­ներն ի վեր գռո­հե­լով՝ կը ներ­խու­ժեն եւ հան­դի­պո­ղը սու­րէ կ՚ան­ցը­նեն։ Հրա­մա­նա­տար­նե­րը կ՚ար­տօ­նեն որ զօր­քը զէն­քե­րը լքէ եւ սե­փա­կան կեանքն ապա­հո­վէ, մինչ իրենք փոք­րիկ մա­կոյ­կով մը ծո­վի ճամ­բով կ՚եր­թան օս­մա­նեան ծո­վա­կա­լին ան­ձնա­տուր ըլ­լա­լու։

­Սուրբ Մար­կո­սի առիւ­ծի փո­խա­րէն կր­կին ան­գամ Մե­թո­նի վրայ օս­մա­նեան կայս­րու­թեան դրօ­շը կը ծա­ծա­նի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/06/2026, 07:00